image

Վարուժանի նամակներէն

Վարուժանի նամակներէն

Հայ գրականութեան մեծերուն նամակները մեր գրականութեան ու պատմութեան համար անփոխարինելի նմոյշներ են: Անոնց մէջ կարելի է նշմարել այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն նամակագրին եւ հասցէատիրոջ կեանքին ու գործունէութեան վրայ:

Արեւմտահայ մեծ գրող Դանիէլ Վարուժան ունի բազմաթիւ նամակներ, որոնք զանազան տարիներ լոյս տեսած են հատորներով: Տակաւին Խորհրդային տարիներուն՝ 1960-ականներուն, Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է Դանիէլ Վարուժանի «Նամականի» հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են գրողին գրած նամակներուն մեծ մասը: 1901-էն մինչեւ 1915 թուականը Դանիէլ Վարուժանի գրած նամակները ուղղուած են հոգեւորականներուն, թերթերու խմբագրութիւններուն, գրչընկերներուն, մտաւորականներուն, կանանց: Անոնց շարքին են նաեւ Դանիէլ Վարուժանի սիրային նամակները: Տարիներու հեռաւորութենէն ընթերցելով՝ նամակները հետաքրքրութիւն կ՚աւելցնեն գրողին կեանքին հանդէպ:

 Այս տարի կը լրանայ Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 135-ամեակը. այդ առիթով կը ներկայացնենք վերոնշեալ գիրքէն քաղուած ծաղկեփունջ մը։

 

ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆԻՆ

(Օգոստոս) 23/5 սեպտ. 1901, Կ. Պոլիս

 

Արհիապատիւ Հայր,

Պատանեկութեան թերավարժ մտօքս ու գրչովս Ձեր Արհիապատուութեան կը գրեմ… Բայց այս արարքիս մէջ թերեւս յանդուգն համարէք աննշանս, սակայն ո՜հ, ես յանցաւոր չեմ, այլ բազմօգուտ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Ձեր` յօգուտ ազգին թափած ճիգն ու քիրտն եւ իմ երախտագիտութիւնքս են յանցաւորներն, որոնք յառաջ մղեցին զիս, որ հազարաւոր անձանց ըրածին նման, ես ալ իմ սրտի եւ հոգւոյ երախտագիտութեանց պարտքս Ձեր յարգոյ ոտից առջեւ դնեմ՝ նախ շնորհաւորելով այս Երկհարիւրամեայ Յոբելեանին առթիւ համայն Միաբանութիւնն, որոյ մինչեւ ցարդ գոյացուցած օգտաշատ արդիւնքն անուրանալի է այլոց եւ ազգին կողմանէ, ու երկրորդ՝ Ձեր Արհիապատ-ւութիւնն, որ մէն մի ջանք ի գործ դրած էք եւ կը դնէք, որ Ձեր արդիւնաբեր սաներով մարդկութիւնը պսակուի։

Ուստի ես ալ ի խորոց սրտի՝ անկեղծ մաղթանքս կը բարձրացնեմ առ Երկինք, որ շատ-շատ այսպիսի շքեղ ու սուրբ երկհարիւրամեակներու արժանացնէ զՄիաբանութիւնն եւ Ձեզի ալ երկար կեանք պարգեւելով՝ Ձեր աշխատութիւնն անթարշամ ծաղկեայ բրաբիոնաւ պսակէ գեղապաճոյճ։

Մնամ սուրբ աջերնիդ համբուրող՝

Դանիէլ Գ. Չուպուգքերեան Բրգնիկցի

Քաղկեդոնի Մխիթարեանց վարժարանին ուսանող

 

 

ՄԻՔԱՅԷԼ ՉՊՈՒԳՔԵԱՐԵԱՆԻՆ

21-23 յուլիս, 1902, Կ. Պոլիս

 

Այս վերջին նամակս է, զոր Պոլիսէն Ձեզ կը գրեմ, սիրոյ դրոշմն ունի այն եւ բաժանումի հառաչը։ Անցագիրս գրպանս դրած՝ մնաս բարովի մաղթանքը կը մրմնջեմ, մնաս բարով մը, որ արցունքի եւ միանգամայն ժպիտի հակառակ ազդակներու միջեւ շրթներուս վրայ կ՚երկբայի, կը տատամսի։ Արցունքը կը յաղթէ, ժպիտի տեղի կու տայ, երկու ջերմ ու սեղմուած ձեռքերը իրարմէ կը բաժնուին, բայց երկու սրտերու միացումներն ալ կը բաժնուի՞ն։ Ո՛հ, ներեցէք ըսելու թէ ահաւասիկ ներկայ վիճակս ա՛յս է։ Բաժանման գերին եմ։ Կարօտս պիտի աւելնայ եւ առ Ձեզ ունեցած կարօտիս միացած՝ պիտի ըլլայ թաքուն եւ խոցող տատասկ մը, սրտիս ծալքերուն մէջ հեւացող, գիտեմ։

Յառաջիկայ շաբաթ օրը երկու ճերմակ թաշկինակներ՝ մին հօրս եւ մինն իմ, ահագին բազմութեան մը մէջ զիրար պիտի որոնեն, պիտ ճօճան օդին մէջ մոլորուն երկու տարուբերուած եւ տխուր սրտերու պէս յուսախաբ, քանի մը շիթ արցունքներու գաղտնիքով, տամուկ գրպանի մը մէկ խորշը լքուած՝ պիտի սգան վերջին հառաչով -աւա՜ղ։ Բայց ի՞նչ բանի համար այս ամէնը, առ ի՞նչ բաժանման դառնութիւնը։ Ասիկա յայտնի է։ Ապագային ջահն է, որ նշմարեցինք հեռո՜ւ ծովերէ, հեռո՜ւ լեռներէ, կը վազենք դէպի այդ ջահը. մեր հայրերը մեծ յոյսով եւ յոյզով ատոր համար կը զոհեն իրենց քսակը. իրենց քրտինքը, եւ մենք՝ մեր աշխատանքն ու եռանդը։

Յաջողութի՜ւն, այս բառին համար աներեսաբար Ձեզմէ մաղթանքի բոյլ մը կը խնդրեմ, շնորհմանը վրայ չեմ տարակուսիր։

Սիրելի հօրեղբայր, ամէնքս մէյ մէկ անկիւն թափթփած մնացինք իր(արից) անջատ-անջատ։ Երանի՜ թէ ողջ-առողջ զիրար գտնենք ու Չպուգքեարեան համեստ գերդաստանը իրաւամբ իրարու գրկաց մէջ զիրար երազեն, սիրեն եւ սիրով ապրին ու մեռնին։ Երջանի՜կ կեանք։

Մնաս բարո՜վ, սիրելի հօրեղբայրս, մնաս բարո՜վ, հոգւոյ եւ սրտի ամբողջ գորովով մը ձեռքերնիդ կը սեղմեմ եւ արցունքը աչքիս մէջ կը մրմնջեմ՝ «Ի քաղցր տեսութիւն»։

Ձերդ՝ Դ. Գ. Չ.

 

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈԼԱՅԵԱՆԻՆ

Յուլիս, 1902, Կ. Պոլիս

 

Ազնուաշուք Տէ՛ր,

Այս հինգերորդ անգամն է, որ յղած յօդուածներս կ՚արտատպէք հաճութեամբ. մե՜ծ խրախոյս մանուկ գրչիս, որ գայթ ի գա՜յթ կը քայլէ դեռ, յառաջադիմութեան կարապետն է խրախոյսը. ատիկա Ձեզի կը պակսի - Ձեր թերթին մասին կ՚ըսեմ - շատ մը անհոգ ու խոպան սրտերէ եւ ժլատ գրպաններէ, ահա այս է, ի՞նչ պէտք է ընել…

Նպատակն ունիմ երբեմն քանի մը բանաստեղծական գրուածքներ ընծայել օգտաշատ «Մէճմուայի» ընթերցողաց, որուն պէտքն զգալի կը տեսնամ ես։ Ատիկա յօդուածներու միակերպութիւնը պիտի խափանէ ու երեւակայութիւնը դէպի ազնիւ գրգռող ազդակ մը պիտի ըլլայ կարծեմ։

Մտադիր եմ բանաստեղծական գրքոյկ մը հրատարակել Արհի(ապատիւ) Հաճեան գերապայծառի ձօնուած, զոր պատրաստած եմ։ Անոր մէջէն ահա երկ-երկու արձակ կամ ոտանաւոր Ձեր պատուական թերթին սիւնակներուն պիտի յանձնեմ իբր փորձ՝ ամբողջ հաւաքածուն տպելէն առաջ։ Ներփակեալս ընդունելնիդ կը խընդ-րեմ, զոր գրեցի, իբր յիշատակ այս տարի Մոտայէն բաժնուելէս։

Մնամ խորին յարգանօք

(Դանիէլ Գ. Չուպուգքեարեան)

Նախընթաց թերթին հայերէն յօդուածիս մէջ եղած տպագրական սխալներուն քանակութիւնը աչքի կը զարնէր, դարմանը լոկ պատուէր մ՚է, յետոյ ուշադրութիւն։

Նոր թերթը ուրիշ տեղ մը կարդացի մեր…


 

ԹԱԳՈՒՀԻ ՊԱՂՏԻԿԵԱՆ-ՉՊՈՒԳՔԵԱՐԵԱՆԻՆ

2 նոյեմբեր, 1903, Վենետիկ

 

Անուշակ մայրիկ,

Ձեր ձեռագրով՝ Ձեր նամակը ինծի անակնկալ մ՚եղաւ, քաղցր անակնկալ մը: Ասկէ վերջ պիտի գրէք, այնպէս չէ՞, քանի որ Ձեր սրտին՝ ալ մէ՜կ կտորը միայն պանդխտութեան մէջ է։

Մեծ ջանքով մը գրերնիդ կարդացի, թուղթը՝ մէյ մը աջ դարձնելով մէյ մը ձախ եւ քիչ մըն ալ մարգարէանալով. այս ջանքը քաղցր էր ինծի, ինչպէս Ձեր յիշատակը քաղցր է եւ ինչպէս Դուք ամենաքաղցր էք։

Իմ գալուստս կ՚երազէք, հէ՞. աղօթք ըրէք, սիրելի մայր, աղօթք ըրէք. ա՛յդ ալ կ՚ըլլայ։

Եղբօրս կրթութիւնը հօրս թողուցէք, Դուք միայն սիրեցէք զինքը եւ խնամեցէք։ Երջանի՜կ է այն մանուկը, երբ կրթող հայր մ՚ունի եւ խնամող մայր մը, ըսածս գիտեմ։

Վահանիկս թող միշտ՝ իր խաշնահաւի գծերովը գէթ տող մը գրէ. պիտի հրճուէ զիս այդ սիրոյ էակը, այդ գգուանքի ծաղիկը, սեւ յուշերուս մէջ՝ այդ ճերմակ խառնուրդը։

Մնաք բարով, սիրելիներ. Ձեր ծիծաղի եւ արցունքի ժամերուն մէջ զիս մի մոռնաք։

Մնաք բարով

Ձերը (Դ. Չպուգքեարեան)

 

 

ՍԱՀԱԿ ՀԱՃԵԱՆԻՆ

Փետրուար, 1906, Կանտ

 

Արհի(ապատիւ) գեր(ապայծառ)

Տէր Հաճեան.

Միջավայրի եւ պարագաներու պատճառաւ դժբախտաբար ուշ տեղեկացայ Ձեր յիսնամեայ յոբելեանին։ Եւ ես շատ ուշ կը բերեմ ահա բեռը զգացումիս ծաղիկներուն… գուցէ անոնց ծանրութենէն։

Պատանութենէս ի վեր գրեթէ գիտակցութեանս հետ ճանչցած եմ այն կուռ բարութիւնը Ձեր հոգւոյն, որ այսօր՝ 50 տարուան պայքարէ վերջ, իր այնքան յորձանքէն յաղթական դէպի փառքի արեւուն կը բարձրանայ՝ աղաւնիի մը թեւէն աւելի մաքուր եւ արծիւի մը պարանոցէն աւելի վեհ։

Ձեր գործերը սրտիս մէջ կը թուեմ եւ կը հիանամ դպրոցներու կանգնումէն մինչեւ այս վերջի տեղապահութեան պաշտօնը. առաջինին դրուատիքը թող մանուկները պատմեն ու վերջինինը ծերերը։

Պարծա՜նք Բրգնկայ։

Պարծա՜նք անոր, որ եթէ ժամանակ մը ապրածս եղաւ, այդ իր երէկուան լեղիին ու քացախին մէջ Ձեզ համար այսօր վարդերու հեղեղ մը կը հասունցնէ. վաղը արհ(իապատիւ) Տէր, Ձեր անուան յաւերժութեան համար իր հազարաւոր որդիները դափնիներու պիտի փոխակերպեն։

Գալով իմ մասին, խոնարհ համբոյրներ Ձեր սրբազան մատանիին, համբոյրներ Ձեր սուրբ աջին, որուն ներքեւ ամբողջ ժողովուրդ մը առաջնորդուեցաւ դէպի լոյսն ու կրակը։

Այս քանի մը տողերուն մէջ կը բերեմ, այնքան շատերու հետ, նաեւ իմ բարեմաղթութիւնները եւ կը դնեմ հոգիս, սիրտս Ձեր փառքի այն յուշարձանին ստորոտը, որուն գագաթը մեծերը միայն կը քանդակուին։

Մնամ Ձեր սրբազան մատնինիդ համբուրելով, խոնարհ ծառայ

Ձեր Դ. Վարուժան

 

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ

19 յուլիս, 1909, Կանտ

 

Գերապատիւ Հայր,

Ընդունած եմ յունիսի ամսաթոշակս ինչպէս նաեւ 100 ֆրք. քննութեանցս համար, որոյ համար խիստ շնորհակալ եմ։ Յուլիսի վերջերը քննութիւններս կու տամ եւ վկայականս առնելուս պէս կը մեկնիմ Պոլիս եւ անկէ հայրենիք՝ դէպի պայքարը կեանքին եւ գաղափարի յաղթանակին։ Առ այս՝ յուսամ, թէ չէք յապաղիր ուղարկիլ յանձնարարել առաջիկայ ամսաթոշակիս հետ նաեւ ճանապարհի ծախս, որպէսզի փոխադրեմ գրքերուս օրէօր ծանրացած բեռը եւ ես ալ ճամբայ ելլեմ անմիջապէս։ Եթէ ուղարկուի ինծի իբրեւ ճանապարհածախս տարեշրջանիս վերջին երեք ամիսներուն (օգոստ., սեպտ., հոկտ.,) 300 ֆրանքը՝ յուսով եմ, թէ բաւական պիտի ըլլայ, որպէսզի հատուցանեմ քանի մը պարտքերս, հոգամ կարեւոր պէտքերս եւ ի վիճակի ըլլամ ուղի ելնալու։

Ներեցէք այսպէս կարճ եւ չոր գրելուս. միտքս յափշտակուած է դասերէս, որոնք նոյնիսկ հոգիէս կը վանին մօտ օրէն Հայրենիքի հողը համբուրելուս անուշ երազները նաեւ։

Յարգանքներով միշտ խոնարհ Ձերդ

Դ. Վարուժան

 

 

ԹԷՈԴԻԿԻՆ

15 մայիս, 1912, Թոգաթ

 

Դանիէլ Վարուժանէն իր սիրելի բարեկամին՝

Թէոդիկին ողջո՜յն,

Պարտական եմ քեզի, սիրելիս, պարտական եմ խօսքեր, զոր երկար ժամանակ պահեցի սրտիս մէջ եւ պատառ մը թուղթ չգտայ կարծես զանոնք ծրարելու համար։

Կը յուսաս զիս այդտեղ տեսնել այս ամառ. իցի՜ւ թէ։ Բայց կաշկանդումներ շատ ունիմ, շատ ցաւեր, որոնք զիս հոս կը գամեն դեռ. «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ»…։ Եւ յուսով կը յուսամ, թէ յուսոյ դռները պիտի բացուին օր մը։ Երջանկութեան հաւատքս չի մեռած տակաւին. սիրտս կը բաբախէ, եւ ինչ որ կը բաբախէ՝ կրնայ խայտալ նաեւ։ Յիրաւի հայրենախտէն վերջ՝ մարդ կրնայ եղեր Վոսփորախտ ալ ունենալ՝ Եղիային պէս։ Կարօտցայ ափունքները, զորս լուսնակը կը կամրջէ իր ծփանուտ ցոլացումովը։

Այս անգամ քեզի մտերմիկ քերթուած մըն է ղրկածս, աղջկանս վրայ գրուած, զոր մեզի հաճելի է կոչել Վարուժնակ, հակառակ իր բուն անունին, որ Վերոնիք է։ Հայրական առաջին երգս «Տօնացոյցիդ» կը նուիրեմ:

 

 

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻՆ

21 օգոստ., 1913, Պոլիս

 

Ազնիւ տիկին,

Ասկէ առաջ կիրակի օր մը Սկիւտար Ձեզի հանդիպիլ ուզեցի, դժբախտաբար տունը չէիք, եւ ես իմ յարգանքներս յայտնեցի Ձեր մօր եւ համակրութիւնս՝ Ձեր փոխանորդին, հուր ու կեծեկ Հրանտին։

Կ՚ուզէի Ձեզ տեսնել նախ՝ պարզապէս բարեկամական եւ մտաւոր քաղցր ժամանց մը վայելելու համար, երկրորդ՝ «Նաւասարդ»ին խոստացուած վիպակը խնդրելու համար Ձեզմէ։ Այս օրերս Սկիւտար պիտի չկրնամ անցնիլ, ուստի պիտի խնդրէի, որ սոյն վիպակը ինծի փութացնէիք՝ ըլլայ «Ազատամարտ»ի, ըլլայ նամակիս հասցէով՝ Ուսումնարան։

Յուսամ պիտի չուզէք մերժել, ծանօթ ըլլալով Ձեր քաղցր հոգիին եւ բոլորանուէր եւ ոսկի գրիչին։

Խորին յարգանքներով եւ համակրութեամբ

Դանիէլ Վարուժան

 

 

ՄԻՀՐԱՆ ՉՈՒԽԱՃԵԱՆԻՆ

9/22 օգոստոս, 1914, (աստ)

 

Ազնուաշուք Միհրան էֆէնտի Չուխաճեան,

քարտուղար Ուսումնական խորհրդոյ

Ազնուաշուք տէր,

Ստացայ Ձեր գրութիւնը, որով կը յանձնարարէք ինծի հայ աշխարհիկ լեզուի թեթեւ քննութենէ մը անցնել պր. Միհրան Էմիրզէ երիտասարդը։

Ձեր առաջարկը սիրով կատարելէ վերջ՝ սոյն երիտասարդին հայ աշխարհաբարի մէջ ունեցած կարողութիւնը բաւական սահմանափակ գտայ. ընթերցանութիւնը ճիշդ է՝ առանց փայլուն ըլլալու, ուղղագրութեան մէջ վնաս չունի, բառագիտական կարողութիւնը միջակ է, իսկ քերականութիւն եւ քերականական լուծում գրեթէ չի գիտեր. թերեւս ստորին դասարանի մանուկներուն յաջողի օգտակար ըլլալ։ Ահա իմ գոյացուցած համոզումս։

Մնամ յարգանօք՝

Դ. Վարուժան

 

 

ԶԱՐՄԱՅՐ ԿԵԶԻՒՐԵԱՆԻՆ

10/23 սեպտ., 1910, Սեբաստիա

 

Յարգելի տէր Հայր

Ընդունեցայ Ձեր նամակը եւ «Տաճարները»։ Ձեր բարեկամութիւնը վերստին գտնել երկար լռութենէ վերջ՝ որքան ուրախ առիթ, այնքա՛ն ալ տխուր է ինծի համար դժբախտ հանճարին մահուան պարագայով։

Թաղեցինք աչազուրկ Պատուելին. ա՛յն, որ լոյսը իր մէջ կը կրէր։ Շիրիմին մէջ մէկ ձեռքով ափ մը հող նետեցի իմ կողմէս, եւ մեխակ ծաղիկ մը՝ Ձեր կողմանէ։ Ան հետը տարաւ իր դժբախտ օրերը. իսկ Ձեզի կտակեց լաւագոյն եւ երջանիկ օրերը, Ձեզի՛ եւ իր մատղաշ Արաքսիին։

Դուք կորսնցուցիք հայր մը եւ Սեբաստիան՝ իր լաւագոյն զաւակներէն մէկը։ Երկուքդ ալ հաւասարապէս պէտք ունիք մխիթարանքի, գիտեմ։ Սակայն խորհեցէք, որ իր հոգին եւ իր անունը սերունդէ սերունդ պիտի ապրի, որքան որ հովերը թրթռացնեն աշուղական քնարներու լարերը լուսաբուխ, եւ որքան որ ճաճանչները թափանցեն ճակատները աստղապսակ գանկերուն։

Դուք չի լաք Ձեր հօր վրայ, քերթողը չլացաւ իր ալեւոր պապուն վրայ։ Երբ իր վերջին օրերուն մէջ իրեն ներկայացուցի քնարս, ան բարձրացուց դողդոջուն ձեռքը եւ մարգարէի պէս օրհնեց անոր լարերը, այն ատեն տեսայ, վշտագին Զաւակ, որ անոր քայլ մը միայն կը պակսէր Աստծոյ մօտ հասնելու, եւ այդ քայլն ահա գերեզմանին վրայէն ըրաւ։ Յարգա՜նք իր աճիւնին եւ յարգա՜նք Ձեր արցունքին։ Խորհեցէք, թէ Պատուելիին նման բանաստեղծներուն համար Մահը որս մըն է միայն, որուն իրենց մարմինը խայծ կու տան՝ իրենց հոգիով զայն աւելի յաղթահարելու համար։

Ձեզ վշտակցող

Դանիէլ Վարուժան

 

 

ԱՐԱՔՍԻ ԹԱՇՃԵԱՆԻՆ

7-17 մայիս, 1910, Սեբաստիա

 

Սիրելի օրիորդ,

Խորհելով, որ դու ճնշման տակ հրաժարեր ես ինձմէ, ես միշտ կ՚ըսեմ, թէ քեզ ընդմիշտ կը սիրեմ, վասնզի սիրտիս վրայ ամբողջ տիեզերքը եւ Աստուած ինք չկրնար ճնշել։ Արդ քեզ սիրելս իմ սրտիս գաղտնիքն է այժմ, ոչ ոք իրաւունք ունի այլեւս ձեռք երկարելու ատոր եւ քննելու։ Միայն կ՚ըսեմ քու անձիդ մասին եւ միշտ ալ ըսեր եմ, որ դու ազատ ես սիրել կամ չսիրել զիս: Այժմ, որ չես սիրեր, ես քեզ հանդարտ կը ձգեմ ընդմիշտ եւ ոեւէ կերպով այլեւս իրաւունք չունիմ հետապնդել քու սէրդ ասկէ վերջ։ Մնաս բարով. սէրը զոյգ մը ծաղիկ է, դու քուկդ խամրեցիր, ես իմս կը ծածկեմ վհին մէջ սրտիս։

Դ. Վարուժան

 

 

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս