image

Հրազդան Թոքմաճեան . «Ես միտքով եւ սիրտով կապուած եմ Սուրիոյ հետ եւ կը կարծեմ, սուրիահայերու համար, դեռ շատ բան ունիմ ընելիք» (Լուսանկարներ)

Հրազդան Թոքմաճեան . «Ես միտքով եւ սիրտով կապուած եմ Սուրիոյ հետ եւ կը կարծեմ, սուրիահայերու համար, դեռ շատ բան ունիմ ընելիք» (Լուսանկարներ)

Հրազդան Թոքմաճեան. շատերուն ծանօթ այս անունը մէկն է անոնցմէ, որոնք մօտէն ուսումասիրեցին Մեծ  Եղեռնէն ետք Սուրիա հասած Կիլիկիոյ հայութեան անցած ճանապարհը, կեանքը, արուեստը, նաեւ՝ արհեստը: Ան արժեւորեց իւրաքանչիւր կտոր եւ երեւան հանեց պատմական հայրենիքի արժէքները: 23 տարուան  նուիրումով Թոքմաճեան դարձաւ Հալէպի հայութեան զաւակներէն մին, որ նուիրուածութեամբ եւ մեծ հոգատարութեամբ հաւաքեց, ուսումանսիրեց, գրեց եւ ներկայացուց Հալէպցի արհեստագործներու աւանդն ու գործերը: Ան   օրերս  խօսելով «Արեւըլք»ին ըսաւ, «Ես միտքով եւ սիրտով կապուած եմ Սուրիոյ հետ եւ կը կարծեմ, սուրիահայերու համար, դեռ շատ բանպէտք է ընեմ»:  

Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած դէպքերը եւ Հալէպի շուրջ եղած պատերազմը, արգելք չհանդիսացան, որ արուեստագէտ Թոքմաճեան դադրեցնէ իր գործունէութիւնը եւ այս անգամ նուիրուի Հալէպի արհեստագործներուն մասին գիրքեր հրապարակելու աշխատանքին:

Նշենք, որ Թոքմաճեանի հրապարակած վերջին հատորը կը կոչուի՝  «Անապատի Տխուր Մեղեդի» խորագիրը եւ այն նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:



Հրազդան Թոքմաճեանի աշխատանքներուն, անոր Հալէպի անուանի արհեստագործներուն մասին ունեցած տեղեկութիւններուն եւ այլ թեմաներու մասին «Արեւելք» ունեցաւ ընդգրկուն հարցազրոյց մը, զորս կը ներկայացնենք  ամբողջութեամբ:

 

Վերջերս հրատարակեցիք «Անապատի Տխուր Մեղեդին» (Պետուին  հայերը Նուրհան Պալեանի նկարներով) խորագիր ունեցող գիրքը: Ի՞նչ է գիրքի նիւթը:

Գիրքը  նկարներու  ալպոմ մըն  է : Նկարներու հեղինակը Նուրհան Պալեանն է, որ մանագիտութեամբ երկրաչափ էր եւ կը սիրէր նկարել: Ան ամուսնանալէն եւ ընտանիք կազմելէն ետք` 30-ական թուականներէն մինչեւ 58 թուականները Տէր Զօր ապրած է: Իր մօր խնդրանքով նկարած է Ցեղասպանութիւնէն փրկուած եւ Տէր Զօր ապաստանած առաջին սերունդը: Նկարած է այն աղջինկերը, որոնք ամուսնացած են տեղացի արաբ մարդոց հետ: Նկարած է անոնց  զաւակները, նոյնիսկ  թոռնիկները, որոնց  մէկ մասը արմատներով հայ էին: Գիրքի նկարներուն հիմնական նիւթը այս է: Անշուշտ գիրքին մէջ կը տեսնենք նոյն շրջանի Տէր Զօրը, Եփրատը, անապատի կեանքը, պետուինները՝ ինչպէս կենդանիները կը կերակրեն, ձիերը կը թամբեն, խսիրներ կը հիւսեն եւ այլն:


Վրանաբնակ հայ պետուիներ, կեդրոնը՝ Նուրհան Պալեան

 

Գիրքը պատրաստուած է Հալէպ, սակայն տպագրուած է Երեւան:   Հրատարակողը Հ.Բ.Ը. Միութիւնն է: Գիրքի պատրաստութիւնները կատարուած են ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ: Տպագրութիւնը քիչ մը ուշացած է, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած պատերազմի պատճառով: Նախատեսուած է կազմակերպել գիրքի շնորհանդէս ե՛ւ Հալէպի, ե՛ւ Հայաստանի Հ.Բ.Ը. Միութեան կեդրոնէն ներս, սակայն տակաւին յստակ թուական չենք որոշած:

 

Ինչքա՞ն ժամանակ առաւ գիրքի պատրաստութիւնը:

Գիքրի պատրաստութիւնը շատ հետաքրքրական պատմութիւն ունի, որովհետեւ այս լուսանկարներու բնօրինակները քովս են:

 

 -Իսկ  ինչպէ՞ս   ձեր մօտ յայտնուեցան  այդ լուսանկարները:   

2002 թուականին հանրայայտ լրագրող եւ հեռուստավար-խմբագիր Արթուր Բախտամեան, երբ եկաւ Հալէպ, միասին, Սուիրոյ մէջ վերապրողներու հետ  հանդիպումներ ունեցանք: Այդ ընթացքին գացինք Նուրհան Պալեանի կնոջ`տիկին Վարդանուշի քով եւ ան պատմեց արաբացած կանաց մասին եւ ցոյց տուաւ բոլոր նկարները: Ես անոնք առի scan ընելու եւ չափերը մեծցընելու համար, որպէսզի Արթուրը կարելիութիւն ունենար նկարները գործածել իր ֆիլմին մէջ: Նկարները յետոյ քովս մնացին: Երկու տարի առաջ տիկին Վարդանուշը մահացաւ:

Փաստօրէն, նկարները 15 տարի քովս պահուած էին եւ ես երբեք չէի սեպած, որ այդ նկարները իմս են: Միշտ մտածած եմ, որ անոնց ճիշդ տեղը Ցեղասպանութեան Թանգարանն է:  

Վերապրած հայ կին


Հալէպ, երբ Ցեղասպանութեան 100 տարելիցի մասին կը մտածէինք, Բարեգործականի ղեկավար մարմինի հետ զրուցելու ժամանակ, տեղեկացուցի մասամբ չհրատարակուած նիւթի մասին, որովհետեւ որոշ նկարներ 1955 թուականին Լեւոն Մեսրոպ հրատարակած էր Փարիզի մէջ: Առաջարկեցի բոլոր նկարները հրատարակել: Ղեկավար մարմինը քաջալերեց զիս եւ սկսանք աշխատիլ: Նիւթին  առնչուող  որոշ  գրաւոր փաստագրութիւններ, Հայաստանի պետական արխիւէն առած ենք: Այդ շրջանին` 1919-1920 թթ. Ռուբէն Հերեանը, որ Տէր Զօր գտնուած էր,  ցուցակներ կազմած եւ նշած է թէ ո՛ր արաբ ընտանիքին քով, քանի՛ հայ երեխայ կայ: Այդ ձեռագիր ցանկերը կը տեսնէք գիրքին  մէջ: Նաեւ Նուրհանի հարազատներուն հետ կապ հաստատած ենք՝  կենսագրական տուեալները ամբողջացնելու համար:

Ինչպէս իմ բոլոր գիրքերը, այս գիրքի վրայ նոյնպէս համակարգչային գործերը կատարած է  իմ լաւ ընկեր Մարտիրոս Տօլմաճեանը:

Իսկ նկարներու բննօրինակը, ես պիտի նուիրեմ Ցեղասպանութեան Թանգարանին: 

 

Այս գիրքը ձեր հրատարակած առաջին գիրքը չէ: Ասկէ առաջ ի՞նչ գիրքեր հրատարակած էք:

Որպէս հեղինակ առաջին ծաւալուն գիրքս «Մարաշի Ասեղնագործութիւն»  խորագիրը կրող  գիրքն  է: Այս գիրքը շատ տարածուեցաւ եւ ճամբայ բացաւ պատրաստելու եւ հրատարակելու միւս գիրքերս: Այդ գիրքով խանդավառուած, հալէպահայերը որոշեցին  2014 թուականին հրատարակել «Ուրֆայի Ասեղնագործութեան» առաջին հատորը: Իսկ 2015-ին՝ «Այնթէպի Ասեղնագործութեան» երկու հատորները, որոնք Հալէպ պատրաստեցինք, բայց Երեւան տպեցինք:  2016-ին, Հալէպ պատրաստեցինք եւ Երեւան տպեցինք նաեւ «Գալէմքեարեաններ Այնթէպ, Դամասկոս. Հալէպ» գունաւոր պատկերագիրքը.   վերջինը  այս նկարներու ալպումն է:

Եթէ ամէն ինչ մեր ծրագրածին պէս ընթանայ, մինչեւ տարեվերջ Բերիոյ Թեմի հրատարակչութիւնը «Ուրֆայի Ասեղնագործութեան» երկրորդ հատորը պիտի հրատարակէ:

Այս գիրքերը պատրաստելու համար բազմաթիւ ձեռագործներ նկարած եմ, որը բարեբախտութիւն կը սեպեմ, որովհետեւ հիմա նոյն գործը չեմ կրնար ընել…

 

Նոր ծրագիրներ ունի՞ք։ 

Այո՛, կան: Ուրեմն, ամսուն 26-ին Սարդարապատի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալէմքեարեաններու նուիրուած ցուցահանդէսը:  Յովհաննէս Գալէմքեարեան, որ մահացաւ փետրուար 2015ին,  իրենց ընտանեկան ունեցուածքը` նկարներ, փաստաթուղթեր, գործիքներ( հօր, հօրեղբօր եւ մեծ հօր իրերը, մօտաւորապէս  700 իր) ,մեծ սիրով նուիրեց Հայաստանին: Մենք, մեր գլխաւոր հիւպատոսութեան աջակցութեամբ որոշեցինք Սուրիայէն տեղափոխել Հայաստան: Նուիրուած բոլոր իրերը, այս տարի յունուարին  Հայաստան հասան  եւ զանոնք  տեղափոխեցինք  Սարդարապատի Հայոց Ազգագրութեան Թանգարանը՝ հանրութեան ցուցադրելու: Սա բացառիկ երեւոյթ է, որովհետեւ այսքան մեծ թիւով իրեր, այդ ալ Հալէպէն , արուեստի մակարդակի հասած գործերու տեղափոխութիւնը, մեծ նուաճում է: Այցելուները պիտի նկատեն, որ ցուցադրուածը ամբողջական հաւաքածոյ է: Յովհաննէս Գալէմքեարեան միշտ երազած է  առանձին տեղ ունենալ եւ ցուցադրել  ընտանիքին պատկանող ամբողջ հարստութիւնը:


Ցուցահանդէսի բացումէն ետք, որպէս ծրագիր, հաւանաբար Գիւմրիի    մէջ 19-րդ դարու վերջերը կառուցուած տուներէն մէկը պիտի  յատկացուի եւ հոն  ցուցադրուին բոլոր իրերը:  Այդ տուն- թանգարանի մէջ հաւանաբար  արհեստանոց մը ըլլայ, ուր կարելիութիւն ընձեռուի նոր սերունդին սորվեցնել մուրճով հպուած պղնձեղէն պատրաստել:   Կիլիկիոյ  մեր   վարպետները չափազանց   կարող վարպետներ եղած են եւ այդ բոլորը, անպայման պէտք է հոս բերել, որ հոս ալ շարունակուի:

Նաեւ, կը մտածեմ Կիլիկեան ասեղնագործութեան համար կեդրոն մը ստեղծել: Կեդրոն ուր ցուցադրուած կ’ըլլան իսկական նմուշներ, բնօրինակներ որ տեսնողները իմանան թէ  ի՛նչ պիտի սորվին: Այսօր Հայաստանի մէջ յաճախ կը լսենք  ասեղնագործութեան դասընթացքի կամ ալ ցուցահանդէսի մասին: Այսինքն, մեր գործունէութիւնը իր  արձագանգը կը գտնէ ժողովուրդին  մէջ եւ լաւ կ’ըլլայ ուղղորդող , օգնող կեդրոն մը ըլլայ:

Կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է  ունենալ հայկական ասեղնագործութեան  կայք: Այս ուղղութեամբ որոշ նախնական աշխատանքներ կատարուեցան, սակայն դեռ չիրագործուեցան: Կայքը կրնայ նաեւ նպաստել ուսումնասիրութիւններու  բազմացման, որովհետեւ հսկայական նիւթ կայ եւ այդ նիւթը ուսումնասիրող երիտասարդ գիտնականներուն, ազգագրագէտներուն պէտք է տեղ տալ:  Եթէ ուսումնասիրութիւն մը ընեն պէտք  է հրատարակենք, որպէսզի իմանան  իրենց աշխատանքը  ապարդին չէ :

 

Սուիրոյ պատերազմին հետեւանքով հազարաւոր հայեր լքեցին իրենց ծննդավայրը եւ աշխարհով մէկ տարածուեցան: Այդ հայերու մէջ կան այնպիսի արհեստաւորներ, որոնք ժառանգորդներն են արհեստագիտութեան մէջ աւանդ ունեցող ոսկերիչներու, արծաթագործներու,զարդեր եւ եկեղեցական իրեր պատրաստողներու մեծ հանրութեան մը: Ի՞նչ կը կարծէք, պատերազմը պատճառ կը դառնա՞յ արհեստագործներու աւանդը վերանալու: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը այն արհեստաւորներուն, որնոք տարածուած են աշխարհով մէկ:

Եթէ Հալէպի մէջ կեանքը ինչ որ չափով վերականգնուի, ապա պէտք է ջանք թափենք, որ արհեստագործութիւնը չմեռնի, եւ  աւանդոյթները շարունակուին, նոյնիսկ փոքր ծաւալով: Հալէպը գոնէ ինքնաբաւ պէտք է  ըլլայ:

Իսկ հոս, Հայաստան պէտք է տեղ տալ Հալէպէն եկած արհեստաւորներուն:  Սակայն հոս երկու խնդիր կայ: Հոն, արհեստները շուկայի մէջ ապրած եւ ինքնաբաւ գործեր էին `յատուկ ծրագիրով մը չէին աշխատիր, այլ իրենց գործն էր եւ մեծամասութիւնը պապենական արհեստներ էին .շուկայի խնդիր չկար: Անոնք տաղանդաւոր մարդիկ էին, այդ պատճառով ալ արհեստը վերածած էին արուեստի:  Սակայն այսօր, Հայաստանի մէջ սեփական արհեստով աշխատողը երկու  հիմնական դժուարութիւն ունի.  հոգալ իր  ընտանիքի  պէտքերը, եւ միջավայր ստեղծել՝ ունեցածը ծախելու համար:  Հայաստանի մէջ պէտք է արհեստաւորներու կեդրոն ստեղծել եւ հոն տեղափոխել բոլոր Կիլիկեցի վարպետները, պահպանելու իրենց գործը, աւանդոյթները եւ արուեստը:  Իրենց համար պէտք է շուկայ գտնել:  Հիմա մեզի համար կարեւորը  Հայաստանի  մէջ արհեստի  եւ  արհեստաւորներով հետաքրքրուող  խաւ մը ստեղծելն է:

Իսկ Եւրոպա գացած արհեստագործները կը վերանան: Իրենց արհեստը չի մնար, որովհետեւ իրենց կեանքը ամբողջութեամբ  կը փոխուի:  Սա ոչ թէ իրենց թուլութիւնն է, այլ այն պատճառով է, որ անոնք այդ երկիրներու պայմաններէն ելլելով է, որ  չեն կրնար շարունակել իրենց գործը: