image

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազնիւ հայուհի Արփի Մինասեանը

Հալէպի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազնիւ հայուհի Արփի Մինասեանը

 Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է   ազնիւ հայուհի Արփի Մինասեանը։

 «Արեւելք»  այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ   հանգուցեալի  հարազատներէն։

 

 Կը  նշուի   նաեւ, որ հանգուցեալը մահացած է յետ կարճատեւ  հիւանդութեան։  Ճարապլուսի մէջ  ծնած  Արփի Մինասեանի  (1955-ի ծնունդ, ծնունդով Պալապանեան)     վերջին հրաժեշտի  արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ  17  օգոստոսին  Հալէպի Սուրբ  Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը  պիտի  փոխադրուի Հալէպի Ազգային Գերեզմանատուն։

 

 Յիշեցնենք, որ   Արփի Մինասեան  մայրն է  Հալէպահայ     ազգային-հասարակական  գործիչ, Հալէպի  նահանգային խորհուրդի  անդամ  Շահէ Մինասեանին։

 

 «Արեւելք»  այս առթիւ իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ թերթիս բարեկամ  Տիար Շահէ Մինասեանին եւ համայն Մինասեան ընտանիքին։