image

Կորիզային նախագիծերու հարցով Էրտողան «կ՚աճապարէ»

Կորիզային նախագիծերու հարցով Էրտողան «կ՚աճապարէ»

Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողանը գերատեսչութիւններուն հրաման տուած է արագացնել եւ հարկաւոր աջակցութիւն ցուցաբերել երկրի կորիզային նախագիծերու իրականացման: Այս մասին նշուած է պետութեան ղեկավարի շրջաբերականին մէջ, որ հրապարակուած է կառավարական լրատու Resmi Gazete-ի մէջ, կը հաղորդէ  ԹԱՍՍ-ը:

«Կորիզային  ելեկտրակայաններու նախագիծերու իրականացման ձգձգում թոյլ չտալու նպատակով, որոնք կ'իրականացուին Ջերմուժի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան համակարգմամբ, եւ խաղաղ կորիզայինի աւելի արդիւնաւէտ օգտագործման նպատակով,  մեծ ուշադրութիւն պէտք է յատկացուի  անոր հետ կապ ունեցող բոլոր պետական կառոյցներուն եւ գերատեսչութիւններուն կողմէ պարտաւորութիւններու ժամանակին կատարման եւ որեւէ անհրաժեշտ աջակցութեան ապահովման»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Շրջաբերականին մէջ  նշուած է նաեւ, որ Թուրքիոյ համար «մեծ նշանակութիւն ունի պետութեան տարածքով Կորիզային ելեկտրակայաններու նախագիծերու յաջող եւ անվտանգ իրականացումը»: Այդ հանրապետութեան կ'օգնէ «Բաւարարելու երկրի ելեկտրականութեան պահանջը, նուազեցնելու ելեկտրականութեան ներմուծումէն կախեալ ըլլալը, նուազեցնելու հաշուեկշռի պակասուրդը եւ աւելցնելու ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանութիւնը»: