image

Մամուլի թեմայով ասուլիս Լոս Անճելոսի մէջ

Մամուլի  թեմայով   ասուլիս  Լոս Անճելոսի  մէջ

Քրեսենթա Հովիտի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ «2019 Հայ մամուլի տարի» հռչակման առիթով՝ կազմակերպած էր հրապարակային ձեռնարկ մը՝ «Ասուլիս, հայ մամուլի խմբագիրներուն հետ» անուան տակ՝ Կիրակի, 11 Օգոստոսին, կ. ե. ժամը 1ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, կոկիկ թիւով հանդիսականներու ներկայութեամբ: Ասուլիսին կը մասնակցէին լոսանճելըսահայ տպագիր մամուլը եւ համացանցը վարող չորս թերթերու ներկայացուցիչները, հետեւեալ հերթականութեամբ. Արա Խաչատուրեան՝ «Ասպարէզ», Գաբրիէլ Մոլոյեան՝ «Մասիս» շաբաթաթերթ, Հրաչ Սեփեթճեան՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթ եւ Յարութ Սասունեան՝ California Courier շաբաթաթերթ:

 Վահէ Հայրիկեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին բոլորին բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ շարունակեց. «Այսօրուան ձեռնարկը նուիրուած է Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած «Հայ մամուլի տարուան»: Մեր հրաւէրին ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ ընդառաջեցին այսօր այստեղ  ներկայ տպագիր հայ մամուլի չորս հայ խմբագիրները: Յարգանք, հայ մամուլի խմբագիրներուն թէ համացանց ազգապարծան ծառայողներուն: Ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը մատնանշէ՝ «Հայ մամուլը սոսկ տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ, այլ առաքելութիւն է յստակ տեսլական ունենալու»: Ապա  Հայրիկեան    բեմ  հրաւիրեց  փաստաբան եւ թատերագիր Արամ Գույումճեանը, որպէսզի վարէ սսուլիսը:

 

  Լուրը (յապաւուած)  «Ասպարէզ»էն