image

Լիբանանահայ թատերական գործիչ Հայզաւակ Լեփեճեան ստոյգ մահէ փրկուեցաւ (Լուսանկար)

Լիբանանահայ     թատերական  գործիչ   Հայզաւակ Լեփեճեան ստոյգ  մահէ փրկուեցաւ (Լուսանկար)

Լիբանանահայ  գաղութի    թատերական կեանքի  նուիրեալ  անուններէն՝ Հայզաւակ Լեփեճեան  ստոյգ մահէ փրկուած է։

Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ    Լեփեճեանի հարազատներէն։

Մեր ունեցած տուեալներով, Լեփեճեան   օրեր  առաջ   ինքնաշարժի ծանր  արկած մը անցուցած է Այնճար    հայաւանէն Պէյրութ   դառնալու  ճամբուն վրայ։

 Ան,  կանխազգալով   դիմացէն եկող ինքնաշարժին վտանգաւոր  դրութիւնը, փորձած է խոյս  տալ, որմէ ետք  ալ  փախած է   ճամբեզրին գտնուող   ելեկտրական սիւնին։

Արկածէն անմիջապէս ետք Լեփեճեան  փոխադրուած է  հիւանդանոց, ուր  յանձնուած է բժիշկներու  հսկողութեան։

 Պարզ  դարձած է նաեւ,  որ ան      ունեցած է  թեւի  եւ ոտքի   կոտրուածքներ։

Մեր հայրենակիցը ներկայիս  իր բնակարանին մէջ կը բոլորէ    ապաքինման  շրջան մը։

«Արեւելք»     առողջութիւն կը մաղթէ     սիրուած եւ յարգուած   համայնքային գործիչ՝ Հայզաւակ Լեփեճեանին։