image

Անգարա պաշտօնանկ ըրած է Վանի, Տիարպէքիրի եւ Մարտինի քաղաքապետները

Անգարա պաշտօնանկ ըրած է Վանի, Տիարպէքիրի եւ Մարտինի քաղաքապետները

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութիւնը քաղաքական յեղաշրջում կոչած է Վանի, Տիարպէքիրի եւ Մարտինի քաղաքապետներու պաշտօնանկութիւնը եւ ընդդիմութեան համերաշխութեան կոչ ուղղած է՝ ընդդէմ իշխանութիւններու այս որոշման: Այս մասին նշուած է կուսակցութեան գործադիր կոմիտէի յայտարարութեան մէջ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:   

Նախապէս Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր Տիարպէքիրի, Մարտինի եւ Վանի քաղաքապետներուն՝ Ատնան Սելճուք Մըզրաքլըի, Ահմեթ Թիւրքի եւ Պետիա Օզգյոքճէ Էրթանի պաշտօնանկութիւններու մասին՝ մեղադրելով զանոնք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու  համար:

«Մեր կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որոնք քաղաքապետ ընտրուած էին՝ ստանալով Տիարպէքիրի ձայներու 63 տոկոսը, Մարտինի՝ 56 տոկոսը եւ Վանի՝ 53 տոկոսը, Ներքին գործոց նախարարի հրամանով պարտականութիւնները կատարելէն հեռացուած  են՝ հիմնուած անօրինականութեան, սուտի վրայ: Ներկայիս կը շարունակուի քաղաքական խորհուրդներու անդամներու ձերբակալութեան գործողութիւնը: Այս նոր քաղաքական յեղաշրջում է, ակնյայտօրէն թշնամական քայլ ընդդէմ քիւրտ ժողովուրդի քաղաքական կամքի»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Համերաշխութեան կոչով կը դիմենք բոլոր ժողովրդավարական ուժերուն, խիղճ ունեցող մեր բոլոր քաղաքացիներուն, խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ մասնագիտացած ընկերակցութիւններուն: Մեր անվիճելի իրաւունքն է կառավարութեան դէմ այս պայքարին մէջ օգտագործել բոլոր օրինական եւ ժողովրդավարական ձեւերը:»

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւններու գործողութիւններու դէմ համերաշխութեան կոչը հասցէագրուած է բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն, որոնք 31 մարտին ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմին) ընտրութիւններուն քուէարկած են իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ ազգայնակա «Ազգային շարժում» կուսակցութիւններու դաշինքին դէմ: