image

Մահացած է սփիւռքահայ հանրայայտ երգիչ եւ աստղ Ատիս Հարմանտեանը

Մահացած  է սփիւռքահայ    հանրայայտ երգիչ  եւ  աստղ  Ատիս Հարմանտեանը

Սփիւռքահայ հանրահայտ  երգիչ Ատիս Հարմանտեանի հարազատները յայտնած են երգիչի մահուան մասին: Աստղը մահկանացուն կնքած է 1 սեպտեմբերին՝  քաղցկեղի դէմ 15 տարի պայքարելէ ետք:

Լիբանանահայ երգիչը կը բնակէր ԱՄՆ եւ կը համարուէր հայ փոփ երգերու ռահվիրան: Հայկական էստրադային երաժշտութիւնը սկսած է Հարմանտեանի հիթերով, անոր երգերն ու երգերու ոճը հետագային տարածուած են նաեւ Հայաստանի մէջ, ազդեցութիւն ունեցած Յարութ Փամբուկչյանի  եւ այլ երգիչներու վրայ:  Թողարկած է 30-է աւելի ալպոմներ։

Ատիս Հարմանտեանը մահացած է 74 տարեկանին՝ ԱՄՆ Սանթա Մոնիքա հիւանդանոցին մէջ: