Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան Բժշկական համալսարանը հանրապետութեան ամենահին բարձրագոյն բժշկական հաստատութիւնն է: Իր գոյութեան ընթացքին համալսարանը տուած է աւելի քան 31 հազար շրջանաւարտ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն սփիւռքահայերը:
Համալսարանի առաջին արտասահմանցի շրջանաւարտը եղած է հալէպահայ բժիշկ, գրող Թորոս Թորանեանը: Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ հաստատուած մտաւորականը երէկ այցելած էր իրեն հարազատ համալսարանը: Անոր դիմաւորած է համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրատեանը. «Մեր առաջին արտասահմանցի շրջանաւարտը: Ան 92 տարեկան է»,- գրած է Արմէն Մուրատեանը:
Թորոս Թորանեանը ծնած է Հալէպ։ Ուսանած է Հալէպի Կիւլպէնկեան դպրոցը։ Մօտ 300 աշխատութիւններու հեղինակ է, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն գրական գործերը:
Հայ գրատպութեան 500-ամեակի առթիւ, գրականութեան եւ գրահրատարակչութեան զարգացման գործին ներդրած աւանդի համար 2012-ին պարգեւատրուած է ՀՀ Մովսէս Խորենացի մետալով: