image

Ատիսի յուղարկաւորութիւնը՝ Hall of Liberty, 7 Սեպտեմբերին

Ատիսի յուղարկաւորութիւնը՝  Hall of Liberty, 7 Սեպտեմբերին

Հայ էսթրատային երգի աստղ Ատիս Հարմանտեանի յուղարկաւորութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ ստացաւ Ատիսի հարազատներէն:

Լոս Անճելոսէն յայտնեցին, որ երգիչի յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է շաբաթ օր՝ 7 սեպտեմբերին, Լոս Անճելոսի ժամանակով 15:00-ին: Ատիսը պիտի յուղարկաւորեն Լոս Անճելոսի Hall of Liberty at Forest Lawn շիրմաստուն: 

Ատիս Հարմանտեանը կեանքէն հեռացած է 74 տարեկանին,  1 սեպտեմբերին՝ քաղցկեղի դէմ երկար տարիներ պայքարելէ ետք: 

Աշխարհով մէկ ցրուած անոր երկրպագուները կը սգան սիրելի երգիչի մահը: ԱՄՆ տարբեր քաղաքներէն 7 սեպտեմբերին Լոս Անճելոս պիտի ժամանեն Ատիսի երկրպագուներէն շատերը՝ վերջին հրաժեշտը տալու սիրուած երգիչին: