image

Ատիս Հարմանտեանի հարազատները առաջարկած են ծաղկեպսակի փոխարէն նուիրատւութիւն կատարել «Թռնչոց բոյնին»

Ատիս Հարմանտեանի հարազատները առաջարկած են ծաղկեպսակի փոխարէն նուիրատւութիւն կատարել «Թռնչոց բոյնին»

Օրեր առաջ կեանքէն հեռացած լիբանանահայ նշանաւոր երգիչ Ատիս Հարմանտեանի հարազատները առաջարկած են երգիչի մահուան կապակցութեամբ ծաղկեպսակի փոխարէն նուիրատւութիւն կատարել Լիբանանի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան:

«Թռչնոց բոյնը» 1922 թուականին Լիբանանի Ժըպայլ (Պիպլոս) քաղաքի դանիացի միսիոներուհի Մարիա Ճաքոփսընի կողմէ հիմնուած որբանոց-վարժարան է, ուր ցեղասպանութենէն ետք հանգրուանած են Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ որբերը. հաստատութիւնը  այսօր ալ կը ծառայէ կարիքաւոր երեխաներու խնամքին ու կրթութեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող «Թռչնոց բոյն» որբանոցի ամենահին շէնքերէն մէկուն մէջ 2015 թուականի 18 յուլիսին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու շրջանակէն ներս,  բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը,  որ նոյնպէս կը կրէ «Թռչնոց բոյն» անուանումը։ Թանգարանի երեք բաժիններուն մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան, որբերու կեանքին եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին վերաբերող նկարներ, տեղեկութիւններ եւ իրեր: