image

Աննա Յակոբեանը հանդիպած է սուրիահայ վիրաբոյժ Ճոննի Հատտատի հետ

Աննա Յակոբեանը հանդիպած է սուրիահայ վիրաբոյժ Ճոննի Հատտատի հետ

ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը»  եւ «City of smile/Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամների հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեանը 17 Սեպտեմբերին հանդիպած է սուրիահայ վիրաբոյժ, «ԱՔՄԱ»-Հայկական Քրիստոնէական Բժշկական միութեան հիմնադիր նախագահ Ճոնի Հատտատի հետ: Այդ մասին կը տեղեկանանք Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն:

Հանդիպմանը ներկայ գտնուած են «City of smile/Ժպիտների քաղաք» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էսթեր Տէմիրճեանը, բժշկուհի Պետիա Հատտատը եւ Ճոնի Հատտատի օգնական Ալիկ Մարտիրոսեանը: Հանդիպման բժիշկ Հատտատ ներկայացուցած է 2000-էն Հայաստանի մէջ ծաւալած իր գործունէութիւնը, որու շրջանակգիծէն ներս տարեկան 2 անգամ բարեգործական այց կատարած է Հայաստան եւ անվճար վիրահատութիւններ եւ խորհրդատւութիւններ կատարած:

«2000-2018թ. հետազօտած եմ աւելի քան 20.000 հիւանդ, վիրահատած՝ 5800: Իմ նպատակն էր հանդիպիլ Ձեզ հետ, ներկայացնել այն գործունէութիւն, որ մենք կը ծաւալենք»,- ըսած է Ճոնի Հատտատը: Հանդիպման Էսթեր Տէմիրճեանը ներկայացուցած է «Ժպիտների քաղաք» հիմնադրամի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկուած է յետագայ համագործակցութեան շարք մը ուղղութիւններ:

«Շնորհակալ եմ այս հանդիպման համար: Շնորհակալ եմ այն ամէնի համար, որ ըրած էք եւ կ'ընէք Հայաստանի համար, տարբեր երկիրներու քաղաքացիներու համար: Իմ աշխատանքի ամենալաւ կողմը այն է, որ հնարաւորութիւն կ'ընձեռուի լաւ մարդոց հետ հանդիպելու, որոնք վրաս մեծ հետք կը ձգեն, եւ այդ հանդիպումները կը փոխհատուցեն ցանկացած դժուարութիւն, լիցքեր կու տան: Յոյս ունիմ՝ նորէն կը հանդիպինք եւ կը համագործակցինք՝ ի շահ այն մարդոց, որոնք այդ օգնութեան կարիքը ունին»,- հանդիպման աւարտին ըսած է Աննա Յակոբեանը: