ՀՀ կեդրոնական դրամատունը 19 սեպտեմբերէն ի վեր շրջանառության մեջ դրած է «Հայաստանի պատմութեան թանգարանի 100-ամեակ» արծաթեայ յուշադրամը:
ըստ ՀՀ Կեդրոնական Բանկին Հայաստանի պատմութեան թանգարանը (ՀՊԹ) հիմնադրուած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի 9.09.1919 թուականին №439 օրէնքով, կազմաւորուելով Կովկասի հայոց ազգագրական ընկերութեան, Նոր Նախիջեւանի հայկական հնութիւններու թանգարաններու, Անիի Հնադարանի, Վաղարշապատի Մատենադարանի հաւաքածոներու հիման վրայ: Թանգարանի առաջին տնօրէնը եղած է յայտնի ազգագրագէտ Երուանդ Լալաեանը:
Թանգարանի առաքելութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը ներկայացնող թանգարանային առարկաներու եւ հաւաքածոներու պահպանումը, համալրումը, ուսումնասիրումը եւ հանրահռչակումն է:
Շուրջ 400000 առարկաներէ բաղկացած ազգային հաւաքածոն ներկայացուած է հնագիտութեան, ազգագրութեան, դրամագիտութեան եւ վաւերագրերու բաժիններով տալով Հայաստանի մշակոյթի եւ պատմութեան ամբողջական պատկերը նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը:
1948 թուականէն ՀՊԹ-ն կը հրատարակէ հայկական ճարտարապետութեան, հնագիտութեան, ազգագրութեան եւ պատմութեան նուիրուած գիտական աշխատութիւններ, հնագիտական պեղումներու զեկոյցներ:
Դիմերես` նմոյշներ ՀՊԹ հաւաքածոյէն` «Խմբաքանդակ` մարտակառքով» «Քարայծի արձանիկ», «Քառանիւ կառք», «Կաշիէ ոտնաման», «Զարդաթիթեղ առիւծի պատկերով»:
Դարձերես` ՀՊԹ շէնքը (ճարտարապետներ` Մարք Գրիգորեան, Էդուարդ Սարապեան) եւ պատկերանիշը, հայկական զարդանախշ:
Անուանական արժէքը 1000 դրամ
Մետաղը արծաթ 9250
Կշիռքը՝ 33,6 կր.
Տրամագիծը 40,0 մմ
Որակը բրուֆ
Դրամաշուրթը ատամնաւոր
Տպաքանակը 500 հատ
Թողարկման տարին 2019
Էսքիզներու հեղինակն է Էդուարդ Կուրղինեան:
Հատուած է Լիթուանիոյ դրամահատարանի մէջ: