Իւրաքանչիւր Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին՝ Անկախութեան տօնի առթիւ: Այս մասին տեղեկացուց ՀՀ նախագահի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, ուղերձը կ'ըսէ.
«Արցախի ժողովուրդի, իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձի առթիւ, տօն, որ հիմնովին փոխեց հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքը: Իւրաքանչիւր հայու պարտքն է՝ ընել հնարաւորը հայոց անկախ պետականութեան շարունակական ամրապնդման ու զարգացման համար: Այդ գործին մէջ մեծ է Ձեր անձնական աւանդը:
Կը մաղթեմ Ձեզի խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն եւ մեծագոյն յաջողություններ Ձեր հայրենանուէր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին»: