image

Հայրենիքը կը մնայ ընդամէնը աշխարհագրական քարտէզ, եթէ այն չապրեցնենք. Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը

Հայրենիքը կը մնայ ընդամէնը աշխարհագրական քարտէզ, եթէ այն չապրեցնենք.  Նախագահ Արմէն Սարգսեանի  ուղերձը

 ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Անկախութեան տօնի առթիւ.

 

«Թանկագի՛ն հայրենակիցներ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի,

 

Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,

 

Այսօր Հայաստանի Անկախութեան օրն է:

 

Ան առանձնայատուկ պատգամ է՝ աւելի լաւ ճանչնալու մենք զմեզ՝ մեր երկիրը, մեր ինքնութիւնը, մեր հնարաւորութիւնները, մեր ներուժը:

 

Ինչ որ ունինք այսօր՝ Ազատութիւն, Անկախութիւն, Հայրենիք, Պետութիւն, այդ ամէնուն  համար պարտական ենք մենք զմեզ:

 

Ինչ որ պիտի կարողանանք ձեռք բերել, պիտի ըլլայ կրկին մեր շնորհիւ՝ մեր համախմբուածութեան, մեր միասնական ջանքի, գործի վերածուած մեր մտքի, միմիանց հանդէպ յարգանքի ու հանդուրժողականութեան:

 

Լաւագոյն ճանապարհն ամենօրեայ աշխատանքն է, ամենօրեայ արարումը, հոգատարութիւնը երկրի, պետութեան հանդէպ, հայրենապաշտութիւնը եւ հայրենաճանաչութիւնը:

 

Հայրենիքը կը մնայ ընդամէնը աշխարհագրական քարտէզ, եթէ այն չապրեցնենք մեր մէջ, չապրեցնենք մեզմով եւ չապրինք իրմով:

 

Հայրենիքը սիրելու եւ իրմով ապրելու համար պէտք է զայն ճանչնալ: Իսկ ճանչնալու համար քարտէզի վրայ անոր տեղը իմանալը բաւարար չէ: Հայրենիքը պէտք է տեսնել ՝ Գիւմրիէն  մինչեւ Գորիս, Սիւնիքէն մինչեւ Լոռի, Արցախէ մինչեւ Տավուշ, Լորիէն մինչեւ Ահնիձոր:

 

Հայրենիքը տեսնելէ եւ զգալէ յետոյ աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ինչ պէտք է ընել անոր համար, ինչպէս պէտք է ընել եւ ինչու պէտք է ընել: Մենք պէտք է ունենանք տեսլական, առաջարկենք եւ իրագործենք գաղափարներ ու ծրագրեր:

Հայրենիքը ճանչնալու համար պէտք է հասկնանք հայրենատիրոջ, որովհետեւ Հայրենիքը նաեւ մարդիկ են, որոնք մեզ հետ, մեր կողքին կ'ապրին եւ կ'արարեն:

Ինչպէս անկախութեան ձեռք բերման բախտորոշ օրերուն եւ անոր յաջորդող դժուար տարիներուն, այսօր ալ մեր պետութեան առջեւ կան մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարման բանալին կը գտնուի բացառապէս մեր ձեռքերուն մէջ։

Հրանդ Մաթեւոսեան կ'ըսէր. «Հայրենիք ենք հիմնել, Հայրենիք ենք բարձրացնում…Հայրենիքը պահանջում է իր բոլոր որդիների, մեր ամենամեայ, ամենօրեայ, այսժամեայ հաւատաւոր ջանքը»:

Չխնայե՛նք մեզ, մեր ջանքը, մեր միտքը, մեր սէրը Հայրենիքի համար: Պաշտպան ու պահապան ըլլանք մեր պետութեան, մեր եկեղեցիին, հանդուրժող ու սրտացաւ ըլլանք միմիանց հանդէպ:

Որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ մենք կամուրջ ենք քաղաքակրթութիւններու միջեւ: Աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կը խեղաթիւրուին արժեհամակարգերը, քաղաքակրթութիւնները կը զոհաբերուին քաղաքականութեան, մարդկային յարաբերութիւնները՝ տարրատեսակ շահերու, մարդիկ միմիանց հանդէպ կը դառնան անտարբեր ու յաճախ՝ օտար:

Ուստի, առաւել քան անհրաժեշտ է հոգատար ըլլալ մեր արժեհամակարգի, մէկմէկու նկատմամբ: Մենք կարող ենք որպէս մարդ ըլլալ իրարմէ տարբեր, բայց յանուն մեր ընդհանուր նպատակներու, յանուն մեր անկախութեան, յանուն մեր ապագայի պարտաւոր ենք ըլլալ համախմբուած ու միասին:

 

Յաւերժ փառք անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած բոլոր հերոսներուն:

 

Աստուած զօրավիգ անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր մեր բանակին։

Կեցցէ՛ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի:

 Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին:

 Աստուած պահապան բոլորիս»