image
Հրատապ լուրեր:

Բակօ Սահակեանը նամակ գրած է Արամ Ա կաթողիկոսին

Բակօ Սահակեանը նամակ գրած է Արամ Ա կաթողիկոսին

Լիբանանէն կը տեղեկանանք, որ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը հանդիպած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ին՝ անոր յանձնելով  Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի նամակը:  Այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ առանց յայտնելու նամակի բովանդակութեան մասին:

Դեսպանի եւ կաթողիկոսի հանդիպման ժամանակ անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Արամ Ա-ի՝ Զուիցերիա եւ Հոլանտա կատարած պաշտօնական այցին: