image
Հրատապ լուրեր:

Նիւթական օժանդակութիւն Անթիլիասէն՝ թրքական յարձակման ենթարկուած շրջաններու հայերուն

Նիւթական օժանդակութիւն Անթիլիասէն՝ թրքական յարձակման ենթարկուած շրջաններու հայերուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն կը տեղեկանանք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ն  որոշ  գումար դրած է Բերիոյ թեմին մէջ գործող Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ  Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի եւ Գամիշլիի թաղականութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի Թէլ Ապիատ, Ռաս Ուլ-Այն, Տերիք եւ Հասիչէ  գիւղերուն մէջ գտնուող կամ այդ վայրերէն հեռացած եւ նիւթական կարիք ունեցող հայ ընտանիքներուն աջակցութիւն տրամադրուի:  

Տեղեկացնենք, որ Գամիշլիի հայահոծ շրջանին անմիջական վտանգ չի սպառնար, իսկ թրքական ներխուժումին անմիջականօրէն ենթակայ դարձած գիւղերը, հայութեան առումով, կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.- Թէլ Ապյատ 15 ընտանիք, Րաս Ուլ-Էյն 2 ընտանիք, Տէրիք 60 ընտանիք եւ Հասիչէ 70 ընտանիք։

Տեղեկութիւնները Անթիլիաս փոխանցած է Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդը: