image

Երեւանի մէջ սպաննուած ոստիկանը երկու երեխաներու հայր էր

Երեւանի մէջ  սպաննուած  ոստիկանը  երկու երեխաներու հայր էր

NEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ Ազատութեան պողոտայի վրայ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած ոստիկան Տիգրան Առաքելեանը Արարատի մարզի Արգաւանդ գիւղէն էր, երկու անչափահաս երեխաներու հայր։ Ան ոստիկանութեան համակարգի մէջ էր 2002-էն, ունէր ոստիկանութեան աւագի կոչում։

Աւելի վաղ յայտնած ենք, որ 16 հոկտեմբերին` ժամը 04:20-ին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Բկ տեղափոխուած են 1994 թուականին ծնած Ա. Յակոբեանը եւ 1981 թուականին ծնած Տիգրան Առաքելեանը։ Վերջինս հիւանդանոցին մէջ մահացած է։

Պարզուած է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած անձինք ՀՀ ոստիկանութեան ծառայողներ են, որոնք գիշերային ծառայութեան ժամանակ, «Յաղթանակ» զբօսայգիի մուտքի մօտ նկատած են երկու անձի։ Վերջիններս, տեսնելով պարեկային մեքենան, փախած են։ Ոստիկանութեան ծառայողները հետապնդած են անոնց եւ Ազատութեան պողոտայի վրայ բռնած։ Բռնուած անձինք դիմադրած են։ Այդ ընթացքին անոնցմէ մէկը խլած է ոստիկաններէն մէկու հաշուեցուցակային ատրճանակն ու կրակած անոնցմէ մէկուն վրայ, ինչպէս նաեւ ատրճանակի բռնակով հարուածած միւս ոստիկանին։ Վերջիններս դէպքի վայրէն դիմած են փախուստի։ Ստացած հրազէնային վնասուածքի հետեւանքով՝ Արաբկիրի պահպանութեան բաժնի ոստիկան, 38-ամեայ Տիգրան Առաքելեանը մահացած է։