image
Հրատապ լուրեր:

Աւետիք Իսահակեանի եւ գիւղացիներու զրոյցը

Աւետիք Իսահակեանի եւ գիւղացիներու զրոյցը

Այսօր Աւետիք Իսահակեանի յիշատակի օրն է. հայ մեծ գրողը կեանքէն հեռացած է 1957 թուականի 17 հոկտեմբերին: 

Գրողի կեանքը լեցուն եղած է յիշարժան դէպքերով, ահա անոնցմէ մէկը.

  
Աւետիք Իսահակեանը նկարիչ Ռուխկեանի հետ դուրս եկած էր դաշտ` զբօսնելու: Երկու գիւղացի կը վարէին արտը: Մաճը բռնած գիւղացին մեղմ ու քաղցր ձայնով կ'երգէր .«Մաճկալ ես, բեզարած ես…»: Լսելով կ'երթային անոնց ետեւէն: Երբ երգը աւարտած է, մօտեցած են, բարեւած,յետոյ Վարպետը հարցուցած է.
-Ի՞նչ կ'երգէիր:
-էդ քո խելքի բանը չէ,- պատասխանած է գիւղացին:
-Էդ երգը ես եմ գրել,- ըսած է Վարպետը:
Գիւղացին նայած է, ոտքէն գլուխ չափած Վարպետին.
-Գնայ գործիդ, էդ մեր գեղի երգն է,- ըսած է ու շարունակած վարը: