image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ. Այս պահուն բախումներ Պէյրութի «Ռիատ Սոլհ» հրապարակին վրայ

Հրատապ. Այս  պահուն բախումներ   Պէյրութի  «Ռիատ  Սոլհ» հրապարակին  վրայ

 Ապակեայ  շիշեր,      աղմուկ,   կառավարութեան   դէմ  վանկարկումներ,  բախումներ եւ     հազարաւոր  երիտասարդներ, որոնք կը պահանջեն    Լիբանանի  կառավարութեան    շտապ հրաժարականը։

Այս պահուն  այսպիսին է Պէյրութի  մէջ  տիրող    ընդհանուր իրադրութիւնը։

   Բողոքի   հաւաքները    կեդրոնացած են յատկապէս   քաղաքի  կեդրոնական   հատուածի,   օդակայանի  ճամբուն,  Զուք Մըքայէլ եւ  Տորա  շրջաններուն մէջ, ուր ցուցարարներ  անիւներ կը հրկիզեն եւ  կը փորձեն    ճանապարհները  փակել։

 

 Իսկ  բախումներու  մեծագոյն  մասը    կը գրանցուի   «Ռիատ ալ սոլհ»   հրապարակին վրայ։

 

 Ցուցարարներուն   մօտիկ  աղբիւր մը    «Էլ. Պի. Սի. Այ.»  կայանին խօսելով  նշած է,  որ   վաղը  եւս  ցոյցի  օր  է  եւ   ցուցարարները  չեն  պատրաստուիր    հեռանալ  փողոցներէն    կամ դադրեցնել իրենց  շարժումները։

 

 

 Յիշեցնենք,  որ     նախագահ Աունի հրաւէրով      այսօր   նախարարաց  խորհուրդը արտահերթ   նիստ մը պիտի գումարէ Պաապտայի  նախագահական  պալատէն ներս  քննարկելու  համար երկրին  մէջ  տիրող  ընդհանուր  իրադրութիւնն ու մասնաւորապէս  վերջին ժամերուն   տեղի ունեցող    ծանրակշիռ  դէպքերը։