image

Լիբանանի բոլոր դպրոցները այսօր կը մնան փակ

Լիբանանի բոլոր դպրոցները այսօր կը մնան փակ

Լիբանանի կրթութեան նախարարին որոշումով երկրի բոլոր վարժարանները այսօր կը մնան փակ։

Նշենք, որ այս մասին որոշումը նախարար Շըհայէպ հրապարակեց երէկ ուշ գիշերին, երկրի տարբեր շրջաններուն եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ցոյցի ալիքի բարձրացման եւ  լարուած իրավիճակին  հետեւանքով։

Նախարարը դպրոցներու վերաբացման մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած է, տրուած ըլլալով, որ վաղը՝ շաբաթ օր կը համարուի արձակուրդային օր մը։