image

Ֆրանսայի մէջ յարձակման ենթարկուած հայկական պարբերականը կը քննադատէր թրքական քաղաքականութիւնը

Ֆրանսայի մէջ յարձակման ենթարկուած հայկական պարբերականը կը քննադատէր թրքական քաղաքականութիւնը

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, Ֆրանսայի մէջ յարձակած են  ֆրանսալեզու Nouvelles d'Arménie հայկական պարբերականի խմբագրութեան վրայ, տարած են լուսանկարչական սարք ու համակարգիչներ, որոնք արդէն սկսած հետաքննութիւններու գաղտնի ու կարեւոր տուեալներ կը պարունակեն:  Յարձակման առթիւ պարբերականի խմբագիր Արա Թորանեանը յիշեցուցած է, որ Nouvelles d'Arménie-ն միշտ ուշադրութեան կեդրոնին պահած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան, քիւրտերու վրայ թուրքերու յարձակման եւ նմանատիպ այլ հարցեր: 

Դէպքի առթիւ դատապարտող յայտարարութիւն տարածած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը, կատարուածն անուանելով ահաբեկչութիւն եւ անոր մէջ փնտռելով թրքական ձեռագիր:  Խորհուրդը ֆրանսական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ապահովել պարբերականի ազատ արտայայտուելու իրաւունքը:  

Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է: 

Ֆրանսահայ մամուլը այս յարձակման առթիւ յիշեցուցած է, որ սա ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու վրայ կատարուած առաջին յարձակումը չէ.  2006-ին նոյնպէս կարեւոր տեղեկութիւններ պարունակող համակարգիչներ գողցուած էին ֆրանսահայ համայնքի տարբեր կառոյցներու ղեկավարներու տուներէն ու գրասենեակներէն: