image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ երգիչ Սեպուhը հանդէս պիտի գայ «Լուսիկ Ագուլեցի» կեդրոնին մէջ

Ամերիկահայ երգիչ Սեպուhը հանդէս պիտի գայ «Լուսիկ Ագուլեցի»  կեդրոնին մէջ

26 Հոկտեմբերին ինքնատիպ երաժշտական ձեռնարկով Երեւանի «Լուսիկ Ագուլեցի» արուեստի կեդրոնին մէջ հանդէս պիտի գայ ամերիկահայ երգիչ Սեպուհ (Սեպու) Սիմոնեանը: Այդ մասին կը տեղեկանանք երգիչէն:

Լոս Անճելոսի մէջ ձեւաւորուած Capital Cities ինտի փոփ յայտնի խումբի երգիչ Սեպուհ Սիմոնեանը վերջին տարիներուն յաճախ ելոյթներ եւ տարբեր երաժշտական ձեռնարկներ կ'ունենայ Հայաստանի մէջ: «Լուսիկ Ագուլեցի» կեդրոնին մէջ Սեպուհի ելոյթը պիտի բացուի սփիւռքահայ երգչուհի Ալին Տեմիրճեանի կատարմամբ: 

Հայ նկարչուհի, ազգագրագէտ, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Լուսիկ Ագուլեցին կեանքէն հեռացած է 2018-ին: Անոր մահէն ետք Մուրացան փողոցի վրայ անոր անուամբ բացուած մշակութային կեդրոնը յարգանքի տուրք է ազգագրագէտ-նկարչուհիին: Կեդրոնին մէջ կ'իրականացուին երաժշտութեան, արուեստի միւս բնագաւառներուն, կենցաղին նուիրուած ինքնատիպ ձեռնարկներ:

Սեպուհի ելոյթով նախատեսուած է հինի եւ նորի համադրման ժամանակակից կատարում: