image
Հրատապ լուրեր:

«Աղբարիկս․ Ազնաւուրներու ոդիսականը». Ներկայացում՝ Շառլ Ազնաւուրի եւ ընտանիքի մասին

«Աղբարիկս․ Ազնաւուրներու ոդիսականը». Ներկայացում՝ Շառլ Ազնաւուրի եւ ընտանիքի մասին

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աջակցութեամբ, Երեւանի մէջ ներկայացուած է Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած` Այիտա Ազնաւուր-Կարվարենցի «Փոքր եղբայր» ինքնակենսագրական գիրքին հիման վրայ ստեղծուած «Աղբարիկս․ Ազնաւուրներու ոդիսականը» թատերերգութիւնը:

Արուեստագէտներու զաւակներ Աիտան եւ Շառլը եղած են բեմի խենթ սիրահարներ, ներկայացումը կը պատմէ փոքր բեմէն մինչեւ մեծ բեմեր Ազնաւուրի անցած ճանապարհի ու Ազնաւուրներու կեանքի մասին:

Այն պիտի ներկայացուի նաեւ  Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ՝ 24 հոկտեմբերին եւ Գորիսի Վ. Վաղարշեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ՝ 26 հոկտեմբերին:

Բեմադրիչ` Կայետան Վասար, համագործակցութեամբ` Լոռ Ռոլտանի: Հեղինակներ` Լոռ Ռոլտան, Գայետան Վասար, Արմէն Վերդեան: Թարգմանիչ` Արմէն Բաղդասարեան: Բեմադրութեան գաղափարը` Արմէն Վերդեանի եւ Լոռ Ռոլտանի: Դերակատարութիւնը` Լոռ Ռոլդանի եւ Գրիգոր Դաշնակեանի: