Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ ատամնաբոյժ Տօքթ. Զաւէն Բախտիկեան։
Այս մասին գրառում մը կատարած է հալէպահայ գործիչ Հրայր Ակիլեան։
Ակիլեան մասնաւորապէս գրած է ՝
Սրտի խոր կսկիծով կը գուժեմ, Հալէպահայ բժիշկ ատամնաբոյժ Զաւէն Բախտիկեանին մահուան լուրը, որ պատահեցաւ Պարսելոնայի մէջ, Սպանիա:
Իր հանդարտ բնաւորութեամբ սիրուած էր շրջանակէն, քաղաքակիրթ ու զուսպ խառնուածքով յայտնի Զաւէնը, 1976-ին երկրորդականի վկայականը Հալէպի Ամերիկեան գօլեժէն ստանալէ ետք ան յաճախեց Դամասկոսի համալսարանին ատամնաբուժական բաժինը, ստանալով ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ-ի տիտղոս:
Զաւէնը ծնած էր 1957-ին:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ ընկերս Զաւէն, ընտանիքիդ մխիթարութիւն, հարազատներուդ համբերութիւն: