image
Հրատապ լուրեր:

Սպանիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ ատամնաբոյժ ՝ Զաւէն Բախտիկեան

Սպանիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ  ատամնաբոյժ ՝ Զաւէն Բախտիկեան

   Սպանիոյ Պարսելոնա  քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ    ատամնաբոյժ   Տօքթ. Զաւէն Բախտիկեան։

 

 

 Այս մասին գրառում  մը  կատարած է   հալէպահայ գործիչ  Հրայր Ակիլեան։

 

 

 Ակիլեան  մասնաւորապէս  գրած է ՝

 

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժեմ, Հալէպահայ բժիշկ ատամնաբոյժ Զաւէն Բախտիկեանին մահուան լուրը,  որ պատահեցաւ Պարսելոնայի մէջ, Սպանիա:

 

Իր հանդարտ բնաւորութեամբ սիրուած էր շրջանակէն, քաղաքակիրթ ու զուսպ խառնուածքով յայտնի Զաւէնը, 1976-ին երկրորդականի վկայականը Հալէպի Ամերիկեան գօլեժէն ստանալէ ետք ան յաճախեց Դամասկոսի համալսարանին ատամնաբուժական բաժինը, ստանալով ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ-ի տիտղոս:

Զաւէնը ծնած էր 1957-ին:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ ընկերս Զաւէն, ընտանիքիդ մխիթարութիւն, հարազատներուդ համբերութիւն: