image
Հրատապ լուրեր:

Արսէն Արծրունին եւ Աշոտ Մանուկեանը տեղափոխուած են կիսաբաց ռեժիմով քրէակատարողական հիմնարկ

Արսէն Արծրունին եւ Աշոտ Մանուկեանը տեղափոխուած են կիսաբաց ռեժիմով քրէակատարողական հիմնարկ

Երէկ երկու ցմահ դատապարտեալ կիսափակ ռեժմի քրէակատարողական հիմնարկէն տեղափոխուած են կիսաբաց ռեժիմի հիմնարկ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը, նշելով, որ անոնք՝ երկու ցմահ դատապարտեալները «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկէն տեղափոխուած են Սեւան քրէակատարողական հիմնարկ: Անոնցմէ մեկը Արսէն Արծրունին է, միւսը՝ Աշոտ Մանուկեանը: 

Յիշեցնենք, որ լիբանանահայ Արսէն Արծրունին «Դրօ»ի  գործով ցմահ ազատազրկուած է 1994-էն:  Իսկ Աշոտ Մանուկեանը 1996 թուականէն անազատութեան մէջ կը գտնուի: Ան մեղադրուած է երեք զինծառայողի սպանութեան համար եւ գնդակահարութեան դատապարտուած, սակայն դատավճիռը ի կատար չէ ածուած, եւ 2003 թուականին անոր պատիժը եւս փոխարինուած է ցմահ ազատազրկմամբ: