image
Հրատապ լուրեր:

Դուք եւ Էրտողանը բերիք ԻՊ-ին. Շերն արձագանգած է Գամիշլիի մէջ հայերու սպանութեան

Դուք եւ Էրտողանը բերիք ԻՊ-ին. Շերն արձագանգած է Գամիշլիի մէջ հայերու սպանութեան

Հանրաճանաչ ամերիկահայ երգչուհի Շեր (Շերլին Սարգսեան) «Թուիթըր»ի վրայ անդրադարձած է իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կողմէ Գամիշլիի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետին եւ անոր հօր սպանութեան, խօսքը ուղղելով Ամերիկայի նախագահին:

«Եթէ «Իսլամական պետութիւն»ը վերադարձած է, դուք եւ Էրտողանը բերիք զանոնք: Դուք օգնեցիք Էրտողանին, որ քիւրտեր ջարդէ: Մարդիկ կը տառապին, կը սպաննուին, պարզապէս որովհետեւ ձեր «սիրելի Էրտողան»ը պէտք է գոհ մնայ: «Իսլամական պետութիւն»ը սպաննեց հայ քահանան եւ անոր հայրը: Արդեօք Էրտողանը ձեզ դրամով, ուժով, թէ երկուքով միասին գնած է»,- նշած է Շերը՝ 13 նոյեմբերի կէսօրին Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Թրամբ-Էրտողան հանդիպմանն ընդառաջ: