image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ ներկայացուցեաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի հերթական նոր համարը (Լուսանկարներ)

Երեւանի մէջ ներկայացուցեաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի հերթական նոր համարը (Լուսանկարներ)

Երեւանի Ազգային Գրադարանի յարկին տակ երէկ հանրութեան ներկայացուեցաւ Պէյրութի «Հայկազեան» հայկական համալսարանի ամէնամեայ դրութեամբ տպագրուող տարեգիրքը։

 


Հայագիտական շրջանակներուն համար հանրայայտ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի ներկայացման խօսքերով հանդէս եկան այս առթիւ Պէյրութէն Երեւան ժամանած «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան եւ համալսարանի դասախօսական կազմի անդամներէն՝ Դոկտ.  Անդրանիկ Տագէսեան։



Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ազգային Գրադարանի տնօրէն՝ Հրաչ Սարիբէկեան եւ  տարեգիրքի Երեւանի ներկայացուցիչ գրող, բանասէր՝ Արծուի Բախչինեան։  

 


Յիշեցնենք, որ Երեւանի եւ Պէյրութի  միջեւ կրթական-ուսումնասիրական կարեւոր գործակցութիւն ունեցող «Հայկազեան» համալսարանն ու համալսարանին կողմէ հրապարակուող «Հայագիտական հանդէս»ը կարեւոր ներդրում կը բերեն հայրենի մտաւորականներու, ուսումնասիրողներու եւ պատմագէտներու գործերը սփիւռքի մէջ ներկայացնելու ու նաեւ տարբեր առիթներով սփիւռքի հայագաղութներուն մասին համաժողովներ իրականացնելու առնչութեամբ։