ԱՄՆ Հարվըրտի համալսարանի ուսանողները դասախօս Լիսա Կիւլեսէրեանի դասաւանդութեան շնորհիւ սորված են տարրական արեւմտահայերէն: Անոնց մէջ կան հայեր, որոնք հանգամանքներու բերումով մոռցած են մայրենին, կան նաեւ օտարազգիներ, որոնք հաճոյքով սորված են արեւմտահայերէնով հաղորդակցուիլ, արտասանել Թէքէեանի՝ հայերէնին նուիրուած բանաստեղծութիւնը: