image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ Շահէ Քէշիշեանին մրցանակ

Հալէպահայ Շահէ Քէշիշեանին մրցանակ

«Պառլամենտ» հասարակական-քաղաքական ամսագիրը Պատուոգիր շնորհած է հալէպահայ արուեստագէտ Շահէ Քէշիշեանին եւ ճանչցած «Տարուայ լաւագոյն Գեղ. ղեկավար եւ խմբավար»:

Նշենք, որ Շահէ Քէշիշեան հիմնած է եւ առ այսօր կը ղեկավարէ «Զանգակներ» նուագախումբը որպէս գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար: Ան նաեւ ստեղծած է եւ առ այսօր կը ղեկավարէ «ՈՎՍԱՆՆԱ» իգական երգչախումբը, մօտ երկու տարի կը ղեկավարէ Երեւանի Արաբկիրի նորակառոյց եկեղեցւոյ երգչախմբը:

2019-ի ամրան հրաւիրուած է Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնի Գէրգեան հոգեւոր ճեմարանի Սարկաւագներու երգչախումբը ղեկավարելու, որոնց հետ 4-15 դեկտեմբերին պիտի մեկնին եւրոպական մեծ համերգային շրջագայութեան, ելոյթներ պիտի ունենան Հոլանտայի, Պելճիքայի եւ Իտալիոյ 7 քաղաքներու մէջ։