Քառասունը անց լիբանանցին մը անձնասպանութիւն գործած է։
Այս մասին գրած է «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը, նշելով, որ Նաժի Ֆլիթի անունով քաղաքացին ինքզինք կախած է Պեքաա շրջանի իրենց տան ետեւ գտնուող ծառէ մը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ անձնասպանութեան դիմողը շուրջ երկու ամիսէ ի վեր անգործ էր եւ 200 հազար լիբանանեան ոսկիի գումար մը պարտք էր իրենց տան հարեւանութեամբ գտնուող խանութներուն։
Թէեւ թերթը յաւելեալ մեկնաբանութիւններ չէ տուած եղածին վերաբերեալ, սակայն աւելի քան բացորոշ է, որ նման դէպքեր կը գրանցուին երկրին մէջ առկայ տնտեսական սուր տագնապին հետեւանքով։