image

Երեւան. Ապօրինի կերպով տարածք վաճառած են լիբանանահայ գործարարին

Երեւան. Ապօրինի կերպով տարածք վաճառած են լիբանանահայ գործարարին

Լիբանանահայ գործարար Յովիկ Մխիթարեանը 11 տարի առաջ Երեւանի յայտնի «Մոլոկանի այգի»ի մէջ 720 հազար տոլարով 1500 քմ տարածք գնած է, այսօր կ'ուզէ այնտեղ շինարարութիւն սկսիլ, բայց թաղապետարանէն արգիլեր են, նշելով, թէ այն համայնքի հողն է: Այս մասին տեսանիւթ պատրաստած է «Ազատութիւն»  ռատիոկայանը, նշելով, որ Յովիկ Մխիթարեանը Երեւանի Արաբկիր համայնքին մէջ տարածքը գնած է նախկին քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանի ղեկավարման տարիներուն: Այսօր համայնքի ղեկավարութիւնը այդ տարածքը կը կանաչապատէ՝ նշելով, որ տարիներ առաջ հողատարածքը այգիէն ապօրինի կերպով առանձնացուած եւ վաճառուած է: 

Գործարքը տեղի ունեցած է 2007-2008 թուականներուն, հողային օրէնսգիրքը կ'արգիլէ համայնքին պատկանող տարածքին մէջ շինարարութիւն, կամ կառուցապատում իրականացնել: Պէյրութ բնակող գործարար Յովիկ Մխիթարեանն «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսած է, որ 11 տարի առաջ գնելով հողատարածքը, սպասած է, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական իրավիճակը կայունանայ ու պիզնես սկսի: Գործարարը տարակուսած է՝ ինչու՞ չի կրնար օրինական փաստաթուղթերով իրեն պատկանող սեփական տարածքին մէջ շինարարութիւն սկսիլ: Կ'ըսէ՝ պատրաստ է քաղաքին օգնել, բայց հարիւր հազարաւոր տոլար վճարած է խնդրոյ առարկայ դարձած տարածքի համար, ի՞նչ ընէ: Այժմ կը բանակցի թաղապետարանի հետ, որ ե՛ւ իր իրաւունքը չխախտուի, ե՛ւ քաղաքը չտուժէ:

«Բաւական մեծ գումար է, գնելու արժէքը ինչ էր այն ժամանակ, հիմա ինչ է: Հիմա իրենք արձանագրած են մօտ 500 հազար տոլարը, 11 տարի հողի տուրք վճարեցի, յանկարծ ինծի եկան ըսին, որ «գիտես այս տարածքը համայնքին կը պատկանի», ինչպէս եղեր է, որ ինծի ծախուեր է, հիմա ի՞նչ պէտք է ընեմ: Տրուած է ինծի տարածք, յանձնուած է գումար, տրուած է վկայական համապատասխան, ամէն ինչ օրինական է թղթաբանութեամբ, յանկարծ 11 տարի անց այս բոլորը չեղեալ պէտք է համարուի, իմ իրաւունքը ո՞ւր պէտք է մնայ այս բոլորի մէջ, ես ի՞նչ սխալ ըրած եմ», - ըսած է Մխիթարեանը:

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւր կայքի եւ տեսանիւթի մէջ.