image

Ռուսաստանի հայերու՝ Հալէպ ուղարկած բեռը տեղ հասած է

Ռուսաստանի հայերու՝ Հալէպ ուղարկած բեռը տեղ հասած է

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ՌԴ Կրասնոտարի հայ համայնքի կողմէ Սուրիոյ հայ համայնքի համար հաւաքագրուած շուրջ 80 թոն մարդասիրական օգնութեան բեռը ՌԴ ՊՆ անմիջական օժանդակութեամբ հասած է Հալէպ քաղաք։ Այդ մասին կը տեղեկանանք Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Յառաջիկայ օրերուն այն պիտի բաժանուի հայ համայնքին եւ Հալէպի բնակչութեան։