image

Հնդկական յայտնի լողափը պատուած է թունաւոր փրփուրով

Հնդկական յայտնի լողափը պատուած է թունաւոր փրփուրով

Մարինա լողափը տասնամեակներ շարունակ Չենաի քաղաքի բնակիչներու համար եղած է մշտական այցելութեան վայր։ Արդէն մօտ մէկ շաբաթ է, ափամերձ գօտին քանի մը քիլոմեթր երկարութեամբ ծածկուած է փրփուրով, որ, մասնագէտներու խօսքերով, սպառնալիք կը ներկայացէ մարդոց առողջութեան համար, կը յայտն է «Nat- geo»-ն։

Փրփուրի մէջ կը խաղան երեխաները, իսկ մեծահասակները «սելֆի» կ'ընեն իրենց ընտանիքներուն հետ։

Թամիլնատ նահանգի աղտոտուածութեան վերահսկման խորհուրդը յայտնած է, որ զօրաւոր անձրեւներու հետեւանքով ծովի մէջ մեծ քանակութեամբ կոյուղաջուրեր լեցուած են, որոնք ֆոսֆաթ կը պարունակեն։ Փրփուրն ալ առաջացած է լուացող միջոցներու մնացորդներէն, որոնք միացած են այլ արտանետումներու եւ լեցուած լողափ։

Այսպիսի խնդիրներ Չենաի մէջ ամէն տարի կ'առաջանան, սակայն 2019-ին անոնք յատկապէս շատ են։

«Մարդոց համար վնասակար է փրփուրի հետ շփումը, սակայն անոնք պարզապէս չեն հասկնար բոլոր վտանգները»,- ըսած է Հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի գիտնական Փրաւաքար Միշրան։

«Կեղտաջուրերը այժմ աւելի մեծ սպառնալիք են  Հնդկաստանի լողափերուն համար, քան ծովի մակարդակի բարձրացումը»,- նշած է Միշրան։

Անոր խօսքերով, կամաւորները Չենաիի լողափը վերջերս մաքրելու ժամանակ երկու ժամուան ընթացքին մօտ մէկ թոն աղբ հաւաքած են։