image

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը

Ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2019-ին, վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղարար ուժերու հրամանատար զօր. Փիշիոթան` ընկերակցութեամբ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատու իր երկու օգնականներուն:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու կոչուած միջազգային խաղաղարար ուժերու առաքելութեան: Յայտնենք, որ յիշեալ առաքելութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերէն 30 զինուորներ: Հրամանատարը բարձր յարգանքով խօսեցաւ հայ զինուորներու ցուցաբերած կարգապահութեան եւ իրենց առաքելութեան նկատմամբ ունեցած նուիրումին մասին: Հանդիպումի ընթացքին նաեւ հրամանատարը վեհափառ հայրապետին տեսակէտը ուզեց ունենալ հարաւային Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հանդիպում մը կազմակերպելու մասին` ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու:

Վեհափառ հայրապետը քաջալերեց բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան առաւել ամրապնդումին: