image

Արցախի մէջ մահացած զինուորը հողին յանձնուեաւ

Արցախի մէջ մահացած զինուորը հողին յանձնուեաւ

Արմաւիրի մարզի Արտաշար գիւղին մէջ, 5 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ մահացած զինծառայող Արթուր Աճամեանի յուղարկաւորութիւնը։

Արտաշարի գիւղապետ Մանուէլ Օհանեանի խօսքով՝ Արթուրը վերջերս տեղափոխուած էր իրենց գիւղ, բայց, որքանով շփուած էր տղայի հետ, միայն դրական տպաւորութիւն ունի. «Զինուորի մասին կրնամ միայն աշխարհի ամենալաւ բաները ըսել։ Իր հետ շփում ունեցած եմ, շատ հանգիստ, խելօք, ընկերասէր եւ հարեւանասէր երիտասարդ էր։ Վերջին 2 տարին մեր համայնքը կը բնակէր, մինչ այդ Մասիս իր մայրիկի հետ կ'ապրէր»։

Հարազատները NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած են, որ դէպքի առաւօտեան զանգած եւ յայտնած են Արթուրի մահուան լուրը։ Հիմա ալ կը սպասեն, որ քննութիւնն աւարտի եւ պարզ դառնայ, թէ ինչն եղած է մահուան պատճառը։

Ավելի վաղ հայտնել էինք, որ 2 Դեկտեմբերին` ժամը մօտ 06:50-ին, ՊԲ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, հրազէնային վէրքէ զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Արթուր Իշխանի Աջամեանը, իսկ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Դաւիթ Յարութիւնի Մելիքբեկեանը վիրաւորուած է:

Ինչպէս հաղորդած էին Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ մամուլի ծառայութենէն, դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

Դէպքին առթիւ  երրորդ կայազորային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրենսգիրքի 34-104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կետով հարուցուած է քրեական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն: