image
Հրատապ լուրեր:

Կիպրոսէն դատական հայց Թուրքիոյ դէմ

Կիպրոսէն դատական հայց Թուրքիոյ դէմ

Կիպրոսի իշխանութիւնները որոշած են հայց ներկայացնել Հաագայի Միջազգային դատարան Թուրքիոյ դէմ՝ կիպրոսեան ջուրերուն մէջ հորատումներու հետ կապուած, կը տեղեկացնէ AP-ը։

Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անասթասիատեսը յայտարարած է, որ այդ որոշումը իր կառավարութեան պարտաւորութեան մէկ մասն է՝ օգտագործելու բոլոր օրինական միջոցները էթնիք հողի վրայ բաժնուած Կիպրոսի ինքնիշխան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Անոր խօսքով՝ Թուրքիան տեղեկացուած է դատական հայցի մասին Յունաստանի մայրաքաղաքին մէջ իր դեսպանութեան միջոցով։

Անգարան կը յաւակնի Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիի կէսին եւ կը յայտարարէ, որ կը գործէ իր ու անջատողական թուրք-կիպրոսցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։