image

Թուրքիայէն սպառնալիք Կիպրոսի դէմ

Թուրքիայէն սպառնալիք Կիպրոսի դէմ

Թուրքիան կրնայ օգտագործել իր զինուած ուժերը՝ դադրեցնելու համար կազի հորատման ցանկացած հետախուզութիւն Կիպրոսի ջուրերուն մէջ, որ ան իրենը կը համարէ, յայտնած է AP-ը։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան «իրաւունք ունի կանխելու» որեւէ «չարտօնուած հորատում» այն ջուրերուն մէջ, որոնք, անոր խօսքերով, «իր մայրցամաքային տարածքին մէջ են»։ Այն յստակ հարցին, թէ կրնայ Թուրքիան ռազմական միջոցներ կիրառել, որպէսզի դադրեցնէ նման հորատումը, Չաւուշօղլուն պատասխանած է․ «Ի հարկէ»։

Կիպրոսի տարածքին ածխաջրածնի որոնումներու արտօնագիր ստացած միւս ընկերութիւններն են՝ ExxonMobil-ը՝ գործընկեր Qatar Petroleum-ի հետ, ինչպէս նաեւ առեւտրական ընկերակցութիւնը՝ կազմուած տեխասեան Noble energy ընկերութենէն, հոլանտական Shell-էն եւ իսրայէլեան Delek-էն։

Թուրքիան յայտարարած է, որ Միջերկրական ծովին մէջ լայնածաւալ գօտիի հանդէպ իր պահանջներն ամրապնդուած են այն համաձայնագրով, որ ինքը ստորագրած է Լիոպիոյ կառավարութեան հետ, եւ որ կ'որոշէ երկու երկիրներու ծովային սահմանները։

Յունաստանը, Եգիպտոսը եւ Կիպրոսը, որոնք աշխարհագրօրէն կը գտնուին այդ երկու երկիրներու միջեւ, դատապարտած են գործարքը՝ այն անուանելով միջազգային իրաւունքին հակասող, իսկ Յունաստանը անցեալ շաբաթ արտաքսած է Լիպիոյ դեսպանը։

Կիպրոսը դատական հայց ներկայացուցած է Հաագայի միջազգային դատարան՝ Թուրքիոյ կողմէ իր ինքնիշխան իրաւունքները խախտելու դէմ։