image
Հրատապ լուրեր:

Տօնական օրերուն պիտի աշխատին որոշ թանգարաններ ու թատրոններ

Տօնական օրերուն պիտի աշխատին որոշ թանգարաններ ու թատրոններ

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութենէն կը տեղեկանանք, որ նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող թատրոններն ու թանգարանները պիտի աշխատին Ամանորի տօներուն:

Համաձայն ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի հրամանի՝ Ամանորի արձակուրդներու ընթացքին զբօսաշրջիկներու այցելութիւնն ապահովելու նպատակով՝ 2020 թուականի յունուար 1-5-ը ներառեալ` ժամը 12:00-17:00-ը աշխատանքային ժամերու սահմանուած հետեւեալ թանգարաններուն մէջ.

Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան

Մարտիրոս Սարեանի տուն թանգարան

Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ

Յովհաննէս Թումանեանի թանգարան

Սերկէյ Փարաճանովի թանգարան

 Երուանդ Քոչարի թանգարան

Ռուսական արուեստի թանգարան (փրոֆեսըր Արամ Աբրահամեանի հաւաքածու),

Հայաստանի պատմութեան թանգարան (մինչեւ ժամը 18:00),

Հայաստանի ազգային պատկերասրահ (մինչեւ ժամը 18:00):

Տօնական օրերուն նախարարութեան ենթակայութեան թատրոններուն մէջ երեխաները կրնան դիտել Ամանորի ներկայացումներ: