image

Երեւանի մէջ 20-ամեայ աղջիկը 7-րդ յարկէն ինկած եւ յայտնուած է հարեւանի լուացքի պարանին

Երեւանի մէջ 20-ամեայ աղջիկը 7-րդ յարկէն ինկած եւ յայտնուած է հարեւանի լուացքի պարանին

Երէկ՝ 10 յունուարին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 17։10-ի սահմաններուն արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութիւնը ահազանգ ստացուած է, որ Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանին մէջ՝ Սուրէնեանց փողոցի բարձրայարկ շէնքերէն մէկու 7-րդ յարկի բնակիչն անզգուշաբար ինկած է եւ յայտնուած է 6-րդ յարկի հարեւանի լուացքի պարանին։ Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը։

Փրկարարները փրկարար մեքենայի սանդուղքի օգնութեամբ ու յատուկ ճոպաններով անվտանգ իջեցուցած են 20-ամեայ Ք. Ա-ն ու մօտեցուցած են Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան մեքենային։ Բժիշկները առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերած են եւ անոր տեղափոխած թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց։

Փաստի առթիւ նիւթեր կը նախապատրաստուին։