image
Հրատապ լուրեր:

Ալեքսան Խաչատուրեանի վերջին հանգիստը (Լուսանկար)

Ալեքսան Խաչատուրեանի վերջին հանգիստը (Լուսանկար)

Երէկ՝ 15 Յունուարին,Հոլանտայի մէջ հողին յանձնուեցաւ հալէպահայ  Ալեքսան Խաչատուրեանի մարմինը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հոլանատայի Փելկրիսմքըրք (ուխտագնացութեան) բողոքական եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը ամփոփուեցաւ Հերլերհեյտ գերեզմանատան մէջ:



Նշենք, որ 1969-ի ծնունդ Ալեքսան Խաչատուրեանը Սուրիոյ պատերազմին  հետեւանքով վերջին վեց տարիներուն ընտանիքին հետ հաստատուած էր Հոլանտա:

Ալեքսան Խաչատուրեան Հալէպի «Կիլիկիա» հիւրանոցի սեփականատէրն էր: Ան ամուսնացած է Թալին Խաչատուրեանի հետ եւ հայր  երեք զաւակներու՝  Կրիկորի (9 տարեկան), Քրիս (6 տարեկան) եւ Եոհաննէս (3 ամսական):

Իր շրջապատին մէջ յարգուած եւ սիրուած Խաչատուրեանը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է գաղութային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս:

Ան եղած է  ՀՅԴ  եւ  ՀՄԸՄ-ի անդամ,  կարեւոր ներդրում ունեցած  է  Հայկական ոսկերչական միութեան գործունէութեան  ընդհանուր  դաշտին մէջ։  

Խաչատուրեանի  անակնկալ հիւանդութիւնն ու մահը մեծ  վիշտ պատճառած են անոր մեծ  ու փոքր ընտանիքներուն։