image

Ֆրանսահայ խմբավարին բացառիկ ելոյթը՝ Պոսթընի մէջ

Ֆրանսահայ խմբավարին բացառիկ ելոյթը՝ Պոսթընի մէջ

«Պոսթըն Սիմֆընի»ի հրաւէրով, հանրածանօթ ֆրանսահայ խմբավար Ալէն Ալթինօղլու ժամանեց Մեսեչուսեց եւ չորս անգամ ելոյթ ունեցաւ տեղւոյն նուագախումբին հետ:

Զուտ ֆրանսական յայտագիր մը ներկայացուց ան, իր կողքին ունենալով երգեհոնահար Թիերի Էսքայշ:

Բացման կտորը Քլոտ Տըպիւսիի «Փելէաս» գործն էր, որուն յաջորդեց Ֆրանսիս Փուլենի երգեհոնի «քոնչերթօ»ն, ապա Քամիլ Սեն Սանի երրորդ համանուագը:

Ալթինօղլու շուտով կրցաւ ներգրաւել հանդիսատեսը, որ ամենայն հարազատութեամբ ըմբոշխնեց նշեալ՝ համեմատաբար դժուար եւ անծանօթ գործերը: Այնքան, որ Փուլենի գործէն ետք, անդադար ծափողջոյններու իբրեւ արդիւնք՝ երգեհոնահար Էսքայշ դարձեալ բեմ բարձրացաւ եւ նուագեց իր յօրինումներէն մէկը:

Նախապէս՝ 2017ին, առաջին անգամ ըլլալով, Ալթինօղլու ելոյթ ունեցած էր Պոսթընի մէջ։ Նշեալ ելոյթին բացման գործն էր Պերլիոզի «Ռոմըն Քարնիվալ»ը, նաեւ ֆրանսացի հանրածանօթ ջութակահար Ռընօ Քափիւսոնի մասնակցութեամբ, Լալոյի «Սպանական Համանուագը»ը, Տիւթիյէոյի «Համանուագ թիւ 2»ը եւ Ռուսելի «Պաքիւս է Արիան» գործը:

Ալթինօղլու հարցազրոյցներու ընթացքին միշտ կը նշէ, թէ ինք ֆրանսահայ է: Ան 2015ին, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ելոյթներ ունեցաւ Փարիզի եւ Երեւանի մէջ:

Ալէն Ալթինօղլու ծնած է 1975ին։ Ան ուսանած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ, ուր այժմ կը դասաւանդէ: Անոր կողակիցն է մեցօ-սոփրանօ Նորա Կիւպիշ, որուն հետ յաճախ ելոյթներ կ՛ունենայ:

Ալթինօղլու կը յայտնէ, թէ իր ծնողները շարունակ հայերէն խօսած են եւ ինք, նոյնպէս, իր զաւակին հետ մայրենի լեզուն կը խօսի եւ դեռ աւելին՝ իր կողակիցն ալ կը հասկնայ հայերէն:

Նշենք, թէ Պոսթընի չորս ելոյթներուն դասական երաժշտութեան սիրահար հոծ բազմութիւններ ներկայ էին: