image

Պէյրութ. Ցուցարարները քանդած են Alpha հեռախօսային ցանցի կեդրոնը եւ PATCHI վաճառատունը (Տեսանիւթ)

Պէյրութ. Ցուցարարները քանդած են Alpha հեռախօսային ցանցի կեդրոնը եւ PATCHI վաճառատունը (Տեսանիւթ)

Անցնող օրերուն, թէ ընկերային ցանցերու եւ թէ ալ   լրատուական       միջոցներուն կողմէ տարածուեցան տեսանիւթեր, ուր  Պէյրութի  կեդրոնը հասած  ցուցարարներ      անցած են խուլիկանական  արարքներու։

Կը նկատուի նաեւ, որ  այս վարմունքը  երեւելի սկսած է դառնալ  մասնաւորապէս վերջին օրերուն,  երբ Պէյրութէն հեռու ապրող  քաղաքացիներ, որոնք  կասկածելի  նպատակներով    մայրաքաղաք  կը ժամանեն    կ՚ունենան  անընդունելի վարմունք եւ անոնց  քայլերը երբեք  ալ չեն համապատասխաներ խաղաղ  ցոյցեր  ընող    բողոքարարներու քայլերուն։

Պէյրութի մէջ ստեղծուած  դրութեան մասին ընդհանուր պատկեր  մը կազմելու համար մեր ընթերցողներու դատին կը ներկայացնենք Լիբանանի մէջ  գործող Alpha հեռախօսային  ցանցի եւ միջազգային վարկ ունեցող  PATCHI ծաղարանի խանութներէն մէկուն  վրայ գործուած յարձակումին տեսանիւթը։

Ի դէպ այս առաջին դէպքը չէ, որ կը գրանցուի   Պէյրութի  մէջ եւ  վերջին օրերուն ստեղծուած իրադրութիւնը   սկսած է  ցոյց տալ, որ  եթէ     առկայ խնդիրները արագ լուծումներ չըստանան,  ապա երկիրը  պիտի մտնէ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունեցող  եւ բաւականին վտանգաւոր  փուլ մը։