20 Յունուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս, բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հայաստանեան եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողով:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան թեմերու մէջ հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացմանն ուղղուած ծրագիրներուն եւ հովուական առաքելութեան զօրացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւոր հովիւներու ծառայութեան, թեմերու մէջ առկայ կարիքներուն եւ եկեղեցականներու առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներուն: Մտքեր փոխանակուեցին նաեւ եկեղեցականներու պատրաստութեան, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու սաներու ընդունելութեան եւ կրթութեան բարելաւման վերաբերեալ:
Քննարկումներ ծաւալեցան եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ծիրէն ներս կարգաւորման ենթակայ խնդիրներու շուրջ: Ժողովականները կարեւորեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերով աշխատանքային խումբերու հետեւողական աշխատանքը` ի նպաստ հայրենի երկրի եւ բարեպաշտ ժողովուրդի:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու խումբ» անուան տակ հանդէս եկող հասարակական որոշ կազմակերպութիւններու կողմէ «ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի` Համընդհանուր պարբերական դիտարկման 35-րդ նիստին» ընդառաջ պատրաստուած զեկոյցին:
Եպիսկոպոսաց հաւաքի կողմէ արձանագրուեցաւ, որ յիշեալ զեկոյցին մէջ տեղ գտած են շարք մը խնդրայարոյց գնահատականներ եւ դիտարկումներ: Բացարձակապէս անընդունելի ու դատապարտելի նկատուեցաւ զեկոյցին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ դերի եւ առաքելութեան ոչ ճշգրիտ եւ նենգափոխուած ներկայացումը, որ ինքնին խտրականութեան եւ ատելութեան դրսեւորում է Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր` թուով ճնշող մեծամասնութիւն հանդիսացող հետեւորդներու նկատմամբ:
Ժողովականները հաստատեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ կարգավիճակը բացարձակօրէն չենթադրեր կրօնական կազմակերպութիւններու նկատմամբ խտրական վերաբերմունք, այլ գերազանցապէս Հայ Եկեղեցւոյ թէ՛ անցեալի եւ թէ՛ ներկայի դերի արձանագրումն է հայրենի պետութեան եւ անոր քաղաքացիներու կողմէ: