image

Արաբական աշխարհի մէջ առաջին անգամ պաշտպանութեան կին նախարար նշանակուած է

Արաբական աշխարհի մէջ առաջին անգամ  պաշտպանութեան կին նախարար նշանակուած է

Լիբանանի մէջ երէկ ուշ երեկոյեան կազմուած կառավարութեան պաշտպանութեան նախարարը կին է՝  Զեյնա Աքարը: Ան միաժամանակ պիտի ստանձնէ երկրի փոխվարչապետի պաշտօնը: Հաղորդելով լուրը՝ ԶԼՄ-ները նշած են, որ արաբական աշխարհի մէջ առաջին անգամ  պաշտպանութեան կին նախարար նշանակուած է:

Նորակազմ կառավարութեան կազմին մէջ 6 կին նախարար կայ, որոնցմէ մէկը հայ է՝ Սփորթի եւ երիտասարդութեան նախարար Վարդինէ Օհանեանը: 

 


 

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած ենք, ամիսներ շարունակ կառավարութիւն չունենալէ ետք, երէկ ուշ երեկոյեան Լիբանանի մէջ կազմուած է նոր կառավարութիւն՝ 20 անդամներով: 

2019 թուականի 19 դեկտեմբերին Լիբանանի խորհրդարանը վարչապետ ընտրած էր Հասսան Տիապը: Անցեալ տաուան հոկտեմբերէն երկրին մէջ ծայր առած էին բողոքի եւ անհնազանդութեան ցոյցեր ու հաւաքներ, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր. ցուցարարներու պահանջներէն մէկը տնտեսական լուրջ բարեփոխումներն են: Անոնք նաեւ կը պահանջէին նոր կառավարութեան ձեւաւորում: 

Լիբանանի նոր կառավարութիւնն այսօր պիտի գումարէ առաջին նիստը: