image

Իսրայէլի մէջ Հոլոքոսթի յիշատակի ֆորումին առթիւ փողոցը նաեւ հայերէն լեզուով ողջունած են

Իսրայէլի մէջ Հոլոքոսթի յիշատակի ֆորումին առթիւ փողոցը նաեւ հայերէն լեզուով ողջունած են

Երուսաղէմի մէջ աննախադէպ ապահովական միջոցառումներ ձեռնարկուած են Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովի առթիւ, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր: Համաժողովը նուիրուած է Աուշվից-Պիրկենաու (Օսվենցիմ) համակեդրոնացման ճամբարի ազատագրման 75-ամեակին եւ կը կրէ «Յիշելով Հոլոքոսթը, պայքարելով ընդդէմ հակասեմիթիզմի» խորագիրը:

Եատ Վաշեմի մէջ՝ Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած միջազգային կեդրոնէն ներս հաւաքուած են աշխարհի աւելի քան 40 պետութիւններու ղեկավարներ, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆինլանտայի, Փորթուկալի, Շուէտի, Հունգարիոյ, Սլովաքիայի, Իսլանտայի նախագահները, այլ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Իսրայէլ մեկնած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը: 

Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բոլոր մասնակից երկիրներու լեզուներով ողջոյնի խօսք տեղադրուած է, նաեւ՝ հայերէնով. «Բարի գալուստ Երուսաղէմ»: 

Համաժողովը տեղի կ'ունենայ Իսրայէլի նախագահ Ռեուվէն Ռիւլինի բարձր հովանիի ներքոյ: