image

Ֆրանսայի նախագահը Երուսաղէմի մէջ զայրացած է ոստիկաններուն վրայ (Տեսանիւթ)

Ֆրանսայի նախագահը Երուսաղէմի մէջ զայրացած է ոստիկաններուն վրայ (Տեսանիւթ)

Համացանցի մէջ տեսանիւթ յայտնուած է, ուր կ'երեւայ, որ Ֆրանսայի նախագահ  Էմանուէլ Մաքրոնը խիստ զայրացած կը խօսի Երուսաղէմի մէջ կարգ պաշտպանող ոստիկաններու հետ:

Իսրայէլական պարբերականները գրած են, որ միջադէպը եղած է Երուսաղէմի Հին քաղաքի, Սուրբ Աննա պազիլիքի մուտքի մօտ, երբ Ֆրանսայի նախագահի հետ եկեղեցի փորձած են մտնել ոստիկանները: «Բոլորը գիտեն կանոնները: Ինծը հաճելի չէ այն, ինչ դուք ըրիք: Հիմա դուրս եկեք այստեղից»,- զայրացած ըսած է Մաքրոնը՝ դուրս հրաւիրելով ոստիկանները:

Ֆրանսայի նախագահը Երուսաղէմ ժամանած է մասնակցելու  Հոլոքոսթի յիշատակի ֆորումին: Երուսաղէմ այս պահուն շարք մը երկրներու ղեկավարներ կը գտնուին, այդ շարքին՝ Հայաստանի նախագահը: