image
Հրատապ լուրեր:

Մաքրոնին Երուսաղէմի մէջ ներկայացուցած են երեք հայ ընտանիքներու պատմութիւն (Տեսանիւթ)

Մաքրոնին Երուսաղէմի մէջ ներկայացուցած են երեք հայ ընտանիքներու պատմութիւն (Տեսանիւթ)

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Երուսաղէմի մէջ զբօսանքի ժամանակ այցելած է հայկական ձեռարուեստի գործերու յուշանուէրներու խանութ, ուր կը վաճառուին հայ վարպետներու պատրաստած Երուսաղէմի նշանաւոր յախճապակեայ իրեր: 

Խանութին մէջ Երուսաղէմի հայուհիներէն մէկը Ֆրանսայի նախագահին ֆրանսերէնով պատմած է, որ յախճապակիի արուեստը Երուսաղէմ բերած են երեք հայ ընտանիք՝ Պալեանները, Օհաննէսեաններն ու Գարագաշեանները: 

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը, տասնեակ երկիրներու ղեկավարներու հետ Երուսաղէմ է՝ մասնակցելու Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին: