Ռուսաստանի մէջ մահացած է երկրի ամենատարեց գործող վիրաբոյժը՝ 93 տարեկան Աննա Լիովուշքինան, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը: Ան մահացած է հայրենի Ռեազան քաղաքին մէջ, ուր կ'աշխատէր իբրեւ վիրաբոյժ:
Սորված է Մոսկուայի մէջ եւ վերադարձած Ռեազան, ուր հազարաւոր վիրահատութիւններ կատարած է՝ փրկելով մարդկային կեանքեր: Աննա Լիովուշքինան առասպել դարձած էր Ռուսաստանի մէջ. Ան անընդմէջ վիրահատութիւններ կ'ընէր՝ զարմացնելով երիտասարդ գործընկերներուն: «Նոյնիսկ հասակ չունէր, վիրահատութեան ժամանակ աթոռ կը դնէր ոտքին տակ, բայց մեծ վարպետութեամբ կը կատարէր գործը» -ըսած է երիտասարդ գործընկերներէն մէկը, իսկ վերջին տարիներուն բժշկուհին, տարիքէն ելլելով, վիրահատութիւնները նստած կը կատարէր: Ան չէր ուզեր թոշակի երթալ, պնդելով, որ դեռ գործ ունի ընելու:
Աննա Լիովուշքինան ամբողջ կեանքը նուիրած է բժշկութեան, չէ ամուսնացած եւ երեխաներ չէ ունեցած: Ան կը համարուէր նաեւ աշխարհի ամենատարեց գործող վիրաբոյժը, որ մօտ 70 տարուան աշխատանքային փորձ ունէր: